Սապունճեան Այցելեց Լիպնոր Հաստատութիւն Եւ Ընդունեց Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Նախարար Սապունճեան` ԼԻՊՆՈՐ-ի վարչութեան հետ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց Չափանիշներու եւ յատկանիշներու ամբողջացման հաստատութեան` ԼԻՊՆՈՐ-ի վարչութեան:

Նախարար Սապունճեան դրուատեց ԼԻՊՆՈՐ-ի աշխատանքը` շեշտելով, որ սպառողներուն առողջութեան, ապահովութեան եւ առեւտուրի արդար միջավայր մը ստեղծելու առումով ԼԻՊՆՈՐ-ի պարտադրած եւ ամբողջացուցած չափանիշներն ու յատկանիշները միջազգային չափանիշներու համազօր դարձած են:

Միւս կողմէ, նախարարութեան կեդրոնին մէջ, Վ. Սապունճեան ընդունեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի բոլոր աշխատաւորներուն, որոնց մէջ նաեւ պետական պաշտօնեաներուն արդար իրաւունքներուն: Այս շրջագիծին մէջ, ան ըմբռնում ցուցաբերեց խորհուրդին ձեռնարկած խաղաղ եւ քաղաքակիրթ արշաւին` աւելցնելով սակայն, որ անհրաժեշտ է գիտակցիլ նաեւ ներկայ հանգրուանին տիրող իրավիճակին եւ չհակադրուիլ տարբեր նախարարութիւններու հետ կապուած լիբանանցիներուն եւ գործարարներու շահերուն:

Նախարար Սապունճեան անհրաժեշտ նկատեց, որ յառաջիկայ 21 մարտը ըլլայ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պահանջներուն վաւերացման թուականը եւ ոչ թէ այդ պահանջներուն քննարկումը շարունակելու թուական:

 

Share this Article
CATEGORIES