Պըրրի Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, որ յայտնեց, թէ այսօր Լիբանան իսկական տագնապ մը եւ վտանգաւոր պայմաններ կ՛ապրի: Ան նշեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու երեսփոխանական ընտրութիւնները բոլոր լիբանանցիներուն իրաւունքն են եւ ոչ թէ ղեկավարներուն:
Ֆարաոն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի մեծ տագնապ մը, եթէ անիկա թեքնիք յետաձգում մը չէ:
«Այս հանգրուանին երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու միակ ձեւը ընտրական օրէնքի մը շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնն է, երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան չէզոք կեցուածքին կառչածութիւնը», շեշտեց ան:
Ֆարաոն մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը միայն մէկ ամսուան թեքնիք յետաձգում մը ըլլայ:


