Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. «Իշխանութիւնները Պէտք Է Կիներուն Շնորհեն Անոնց Իրաւունքները` Օգտուելու Համար Նաեւ Լիբանանեան Ընկերութեան Միւս Կէսին Կարողութիւններէն» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Կիներու միջազգային օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց երկրին իշխանութիւններուն, որ կիները հանրային կեանքին մէջ աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենան եւ իրենց ընկերային դերակատարութեան կողքին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը ունենան ազգային պատասխանատուութիւններուն մէջ, ըլլան անոնք քաղաքական թէ վարչական:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ իշխանութիւնները պէտք է կիներուն շնորհեն անոնց իրաւունքները` օգտուելու համար նաեւ լիբանանեան ընկերութեան միւս կէսին կարողութիւններէն:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի Գահիրէի մէջ կատարած յայտարարութիւնը երկու բաժին ունէր, որոնցմէ մէկ բաժինը բոլորին ծանօթ էր, իսկ միւսը` անծանօթ:
Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ այս մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն պահանջած է Մանսուրը իմացնել, թէ անոր յայտարարութիւնները մերժելի են:
Նախագահ Սլէյման հաստատած է շրջանային տագնապներուն նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ այս իմաստով տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ վարչապետ Միքաթի Մանսուրի փոխանցած է նամակ մը, սակայն Մանսուր հերքեց, թէ ինք Արաբական լիկայի նիստին վերաբերող նամակ մը ստացած է վարչապետէն:


