Հանրապետական Կուսակցութիւնը Հաստատեց Երեւանի Ընտրութիւններուն Իր Ցուցակին Առաջին Երեք Տեղերը
Նախանցեալ երեկոյեան Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով լրագրողներուն յայտնեց, որ կուսակցութիւնը Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցութեան ամբողջական հաստատուած ցուցակ առայժմ չունի. կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստին ընթացքին հաստատուած են ցուցակին առաջին երեք տեղերը միայն:
Ան յայտարարեց առաջին երեք տեղերը գրաւողներուն անունները: Ցուցակը կը գլխաւորէ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, երկրորդ տեղը կը գրաւէ ճատրակի միջազգային վարպետ Սմբատ Լպուտեան, իսկ երրորդ տեղը` ճարտարապետ, փրոֆեսէօր Յովհաննէս Թոքմաջեան: Շարմազանով ընդգծեց, որ այս անունները վերատեսութեան պիտի չենթարկուին:
Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը կատարեալ անհեթեթութիւն նկատեց մամլոյ մէջ տարածուած այն լուրերը, թէ կուսակցութեան փոխնախագահ, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան դէմ է, որ Տարօն Մարգարեան գլխաւորէ աւագանիի ցուցակը:
«Մեր կուսակցութեան գործադիր մարմինը ամբողջութեամբ կողմ քուէարկած է եւ միասնականօրէն պիտի աշխատի, որպէսզի Տարօն Մարգարեանի գլխաւորութեամբ մեր խումբը հասնի յաջողութեան: Եւ բոլոր այն յերիւրանքները, անհեթեթ բամբասանքները, որ իբրեւ թէ մեր կուսակցութեան այս կամ այն գործիչը դէմ արտայայտուած է, կամ չի ցանկար, անոնք ծիծաղելի են եւ զաւեշտալի լուրեր», աւելցուց ան: