Սարգսեան Եւ Լինքիավիչիուս Շեշտեցին Հայ-Լիթուանական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման Կարեւորութիւնը

Լինքիավիչիուս եւ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքիավիչիուսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հայ-լիթուանական երկկողմանի կապերէն բացի, Հայաստանի նախագահը եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարը քննարկեցին Եւրոպական Միութեան խորհուրդին մէջ Լիթուանիոյ յառաջիկայ նախագահութեան շրջանին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխադարձ գործակցութեան զարգացման, եւրոպական համարկման լիթուանական փորձառութեան փոխանակման վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սարգսեան այդ շրջագիծին մէջ հիւրին հետ խօսեցաւ որակապէս նոր մակարդակի վրայ գտնուող Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան օրակարգին շրջագիծին մէջ բանակցութիւններու ընթացքին, արձանագրուած յաջողութիւններուն ու իրականացուող աշխատանքներուն մասին: Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Եւրոպական Միութեան արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը:

Նախագահը եւ նախարարը կարեւոր նկատեցին հայ-լիթուանական միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերու մէջ` պաշտպանութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներու շրջագիծին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումը:

Սերժ Սարգսեան եւ Լինաս Լինքիավիչիուս հանդիպման ընթացքին անդրադարձան նաեւ շրջանային խնդիրներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES