«Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Համար Ոչ Իշխանական Ուժերը Պէտք Է Միաւորուին» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան երէկ «Ա1+»-ի հիւրասրահին մէջ յայտնեց, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար ոչ իշխանական ուժերը պէտք է միաւորուին, եւ ատիկա ոչ միայն կարելի է, այլեւ անհրաժեշտ: Յովհաննիսեան յայտնեց, որ իշխանութեան նկատմամբ դիրքորոշման աստիճանները կրնան տարբեր ըլլալ, բայց այս հարցը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ատիկա այն դաշտն է, ուր իսկապէս կարելի է միաւորուիլ. այստեղ քաղաքական-գաղափարական տարակարծութիւններու հարց չկայ: «Երեւանը իբրեւ քաղաք, կրնայ կարգի բերել ե՛ւ ազատականը, ե՛ւ ընկերվարական-դաշնակցականը, ե՛ւ անկուսակցականը: Կարեւորը ազնիւ ըլլան, որ չգողնան, եւ պինդ ըլլան, որ սակաւապետերու ճնշման դիմանան», յայտնեց ան:
Վահան Յովհաննիսեան վստահութիւն յայտնեց, որ միաւորման համար նախադրեալները ստեղծուած են, սակայն քաղաքական դաւադրութիւնը կրնայ վերացնել նաեւ այս կարելիութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ առաջնահերթ հարցը պիտի ըլլայ այն, որ ով պիտի ըլլայ առաջին անունը: Ան աւելցուց, որ քաղաքապետի ընտրութիւնը կը նմանի ոչ թէ խորհրդարանական, այլ նախագահական ընտրութիւններուն:
Անդրադառնալով իշխանութեան առաջարկած միակ զիջման` Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ ինք միանշանակ վստահ է, որ պէտք է համաձայնիլ սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբ ստեղծելու առաջարկին, քանի որ «ատիկա զիջում մըն է, որ ցոյց կու տայ, որ յաղթանակը այս հանգրուանին իշխանութիւնը ընդունած է»: «Ուրեմն այդ յաջողութենէն չօգտուիլը քու սխալդ կ՛ըլլայ: Այլ հարց է, որ եթէ շատ կամ քիչ զիջած են, բայց ինչ որ կարելի է ձեռք ձգել, պէտք է ձեռք ձգել, որովհետեւ ատիկա կարելիութիւն կու տայ հետագայի նոր յաջողութեան համար», յայտնեց ան:

