«Սերժ Սարգսեան Ինք Պիտի Խնդրէ, Որ Մենք Թոյլ Տանք Անոր Կամաւոր Հրաժարական Տալ» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան
Այսօր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար, նախագահի նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան պիտի շարունակէ իր մարզային հանրահաւաքները, իսկ 10 մարտին Ազատութեան հրապարակին վրայ կարեւոր յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ եւ անկէ ետք Սերժ Սարգսեանին հրաժարականը պիտի պահանջէ: Ան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին նշեց, որ շուտով Հանրապետական կուսակցութիւնը փոքրամասնութիւն պիտի դառնայ ամէն տեղ: «Մենք ամէն տեղ ենք, դպրոցին, համալսարանին, գործարանին մէջ: Մենք յաղթած ենք եւ կարելի չէ մեզմէ խուսափիլ», յայտնեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը: Յովհաննէսեան ընդգծեց, որ իր նպատակը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միաւորումն է: «Մենք իրավիճակը պիտի հասցնենք այն աստիճանին, որ Սերժ Սարգսեան ինք խնդրէ, որ մենք թոյլ տանք անոր կամաւոր հրաժարական տալու», շեշտեց Յովհաննէսեան: Ան աւելցուց, որ իր կողմնակիցները պիտի ուղարկէ Սիւնիքի մարզ, ուր կիրակի կրկին պիտի պահանջեն մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի հրաժարականը:
Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ինք այլեւս չի ճանչնար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լիազօրութիւնները, որովհետեւ, ըստ անոր, Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները շնորհաւորեցին Սերժ Սարգսեանի այդ ամօթալի եւ կեղծուած ընտրութիւնները: Ըստ անոր, խմբակը այլեւս ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Ղարաբաղի հետ պէտք է կապ ունենայ:


