Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Հայաստան Պիտի Այցելէ

Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սայմըն Ֆրէյզըր 10-12 մարտին Հարաւային Կովկաս կատարելիք այցելութեան շրջագիծին մէջ պիտի այցելէ Հայաստան:

Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանութեան հաղորդագրութեան համաձայն, բրիտանացի փոխնախարարը Երեւանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Երկուշաբթի օր Երեւանի բրիտանական դեսպանատան մէջ նախատեսուած է Ֆրէյզըրի զրոյցը լրագրողներուն հետ:

«Սայմըն Ֆրէյզըր մեծ ակնկալիքներ ունի Երեւան կատարելիք իր առաջին այցելութենէն, որուն ընթացքին ան կը նախատեսէ քննարկել Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու, շրջանային անվտանգութեան ապահովման եւ Հայաստանի ու Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ մասնաւորաբար առեւտուրի եւ ներդրումներու մարզերուն մէջ համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES