50 Տարի Առաջ (11 Մարտ 1963)
Հայկական Կեանք
Փոլ Տիւ Վէուի Թաղումը
«Կիլիկիոյ Խաչելութիւնը»
Պատմող Վերջին Ձայնն Ալ Մարեցաւ…
Հայկական «Կիլիկիոյ խաչելութիւնը» պատմող վերջին ֆրանսացի ձայներէն մէկն ալ մարեցաւ` մահատուր լռութեամբ:
Անցեալ շաբաթ օր Ն. Տ. Տիւ Պոն Սըքուր հիւանդանոցին մատրան մէջ կատարուեցաւ Փոլ տիւ Վէուի թաղմանական պատարագն ու արարողութիւնը: Ֆրանսացի անձնաւորութեանց կարգին, ներկայ էին կաթողիկէ հայոց թեմակալը` Կարապետ եպս. Ամատուին, հայ առաքելական առաջնորդարանի կողմէ Գիւտ եւ Ներսեհ քահանաներ: Նախկին ռազմիկներու միութեան պատուիրակութիւն մը` դրօշակով եւ ծաղկեպսակով, հանգուցեալին կեանքին եւ գործունէութեան ծանօթ հայեր:
Թաղմանական արարողութեանց վերջաւորութեան, եկեղեցւոյ մուտքին առջեւ, յանուն հայ գաղութին ալ, ռազմիկներու միութեան վարչութենէն Չպուքճեան եւ Ակոբոֆ արտաքին ցաւակցութիւն յայտնեցին սգաւոր ընտանիքին եւ վերջին հրաժեշտի խօսք մը արտասանեցին հանգուցեալին ուղղեալ:
Դագաղը փոխադրուցեաւ Թիէի գերեզմանատունը, իր ընտանեկան դամբարանին մէջ զետեղուելու:
Լոնտոնի Մէջ Հոգեհանգիստ Վեհափառի Յիշատակին
Պսակ Եպիսկոպոսի Յուզիչ Խօսքերը
Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»-ի Լոնտոնի թղթակիցը կը գրէ.-
Կիրակի, փետրուար 24-ին, Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին յիշատակին:
Լոնտոնի հայութիւնը եկած էր իր ցաւակցութիւնն ու խոր յարգանքը յայտնելու երջանկայիշատակ վեհափառին: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը, սուգը համազգային էր:
Եկեղեցւոյ խորանին դիմաց դրուած էին ծաղկեպսակներ` ՀՅԴ Լոնտոնի «Նաւասարդեան» եւ Լոնտոնի հայ երիտասարդաց միութեան կողմէ:
Պատարագի ընթացքին պսակ եպս. Թումայեան խոր յուզումով խօսեցաւ սիրելի հայրապետին մասին եւ շեշտեց. «Խոր ցաւով իմացանք վախճանումը Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի: Իր կորուստը զգալի է բոլոր հայ եկեղեցականներու մօտ»: Ապա խօսեցաւ վեհափառի արժէքներուն եւ առաքինութիւններուն մասին: Եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը իր մտերիմ հոգեւոր բարեկամը եղած է: Երիտասարդ տարիքին մէջ մեզմէ ընդմիշտ հեռանալը հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին համար մեծ կորուստ մըն է: Պսակ եպիսկոպոս անդրադարձաւ համերաշխութեան եւ եղբայրութեան. «Մենք թիւով փոքր ազգ մըն ենք եւ չենք կրնար դիմանալ բաժանումներու»:
Առաջնորդին խօսքերը յուզիչ էին, խորիմաստ եւ հարազատ, պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ շատ տպաւորիչ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Հոծ բազմութիւնը լռութեամբ եւ վշտաբեկ աղօթեց սիրելի վեհափառի յիշատակին:
Հոգեհանգստեան այս օրը Լոնտոնի հայութեան կողմէ պիտի յիշուի երկար ժամանակ: Իսկ սիրելի վեհափառին յիշատակը սերունդէ սերունդը պիտի յարգուի եւ յաւիտեան պիտի մնայ անթառամ:
Երգիծական
Տասնաբանեայ Խրատներ
(Նշմարներ Մեր Առօրեայ Կեանքէն)
1.- Ջանա՛ ուրիշին քսակէն բարիք ընել եւ սակայն պատիւը քեզի վերապահել:
2.- Բարիք ըրէ ակամայ` ի ներկայութեան մարդոց, բայց` քու փառքիդ համար միայն:
3.- Կրէ մեծարժէք թղթադրամ հետդ, որպէսզի մանրելու դժուարութիւնդ նկատելով` բարեկամդ ստիպուի պահանջուած գումարը վճարել:
4.- Թէ դոյզն նշոյլը չունիս իմաստութեան, գիտուն ձեւացիր եւ ծաղրական ծիծաղէ ուրիշին տկարութեան վրայ` մարդոց բամբասանքէն արբեցած:
5.- Դրամդ եւ հարստութիւնդ շողշողացնելով` քեզի հպատակեցուր շուրջիններդ:
6.- Դիզէ հարստութիւն ծերութեանդ, իսկ ծերութեանդ մէջ` ալ զաւակներուդ ծերութեանը:
7.- Բարեկամութիւնդ պահէ եւ սերտացուր թուաբանական եւ հաշուի սահմանի մէջ միայն:
8.- Աւելի նախընտրելի եւ հեշտ է լալը, քան տալը:
9.- Անզիջանելի կեցուածքով աշխատէ որկորդ իւղոտել միշտ ուրիշին սեղանէն:
10.- Վեհանձնօրէն եւ ձրիաբար տուր քուր խրատներդ իբրեւ մեծագոյն բարիք եւ զոհողութիւն, առանց նիւթականիդ դպչելու:
Ա.Մ.Ա.

