Մարդկային Կարեկցանքի Հզօր Արտայայտութիւններ. Մարդ Մը Կ՛օգնէ Ողնայարի Վնասուածքէ Տառապող Իր Բարեկամուհիին, Որպէսզի Մասնակցի Վազքի Մրցումին

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ի՛ՆՉ ԼԱՒ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ, ԵԹԷ ՆՄԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԵՐՆԱԳԻՐՆԵՐ ԽԼԷԻՆ ԱՄԷՆ ՕՐ ԵՒ ՆԵՐՇՆՉԷԻՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ… «ԷՄ. ԷՍ. ԷՆ. ԹՈՒՏԷՅ» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄԻ, ՍԻՐՈՅ ԵՒ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒԶԻՉ ԱՅԼ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ.

Մոնիք Քոլ չորս ամիս առաջ հիւանդանոցի անկողնին վրայ պառկած կը մտածէր, թէ արդեօք օր մը դարձեալ պիտի կարենա՞ր քալել: Լուիզիանայի մէջ ապրող այս կինը կը տառապէր ողնայարի ծանր վնասուածքէ: Ան արկածահար եղած էր, երբ հեծիկ քշելու ժամանակ ինքնաշարժ մը զարկած էր իրեն: Սկիզբը բժիշկները նոյնիսկ վստահ չէին, թէ ան կրնար վերապրիլ:

Երկու շաբաթ առաջ Քոլ դարձեալ ոտքի էր եւ կտրէր Ռոք՛Ն՛Ռոլ Նիւ Օրլիընզ կէս մարաթոն վազքի մրցումին վերջին գիծը, օգնութեամբ իր բարեկամին` Նիք Սոնպրեխըրի, որ իբրեւ նեցուկ քայլ առ քայլ առաջնորդած էր զինք: 35 տարեկան Քոլ դանդաղ, բայց կայուն քայլուածքով յաջողեցաւ կտրել վերջին գիծը` յենած Նիքի, որ զինք անուաւոր աթոռով քշած էր 21 քմ վազքի մրցումին առաջին կէտէն մինչեւ վերջին կէտը:

«Արցունքը կը հոսէր աչքերէս,- կ՛ըսէ Քոլ:- Կը կարծէի, թէ յաջողած էի ծածուկ արտասուել, սակայն լուսանկարչական գործիքները բռնեցին զիս: Չէի մտածած, թէ այսքան յուզիչ պիտի ըլլար պահը: Նիք հրաշալի էր: Անուաւոր աթոռս 21 քմ քշեց Նիւ Օրլիընզի խառնափնթոր ճամբաներէն: Խենթութիւն էր, երբ փորձեց օգնել ինծի, որպէսզի քալելով կտրեմ վերջին գիծը»:

«Նիւ Օրլիընզ Թայմզ» թերթին մէջ լոյս տեսած Քոլի լուսանկարը, որ զայն կը պատկերէր վերջին գիծը կտրելու պահուն, շուտով տարածուեցաւ համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող կայքերու միջոցով, երբ անոր մէկ բարեկամը զայն տեղադրեց Ռետտիթի վրայ: Սակայն Քոլ եւ Նիք կը պատմեն, թէ իրենք նոյնիսկ չէին ծրագրած այս ձեւով աւարտել մրցումը: Անոնք սկիզբը մտածած էին, որ Քոլ վերջին երեսուն մեթրը պիտի քալէր իր անթացուպով: Այսուհանդերձ, անոնք նախատեսուածէն աւելի արագ հասած էին վերջին գիծը եւ վստահ չէին, թէ այն անձը, որ ենթադրաբար պիտի հանդիպէր իրենց` յանձնելու համար Քոլի անթացուպերը, իրապէս հոն պիտի գտնուէր այն պահուն, երբ իրենք պիտի հասնէին վերջին գիծը: Հետեւաբար Նիք եւ Քոլ վերջին վայրկեանին տեղւոյն վրայ փոխած էին ծրագիրը:

«Պարզապէս իր հաւասարակշռութիւնը պահելու համար օգնութեան կարիքը ունի Քոլ, հետեւաբար թեւը բռնեցի, որպէսզի կարենար կտրել վերջին գիծը,- կ՛ըսէ 31 տարեկան Նիք:- Իրապէս յուզիչ էր: Այդ պահուն թէեւ շատ յոգնած էի, բայց շատ զգացուեցայ: Պարզապէս հոն էի` օգնելու համար»:

Քոլ այժմ շաբաթը երեք անգամ ֆիզիքական դարմանումի կ՛ենթարկուի: Ան սկիզբը գլխապտոյտ կ՛ունենար, երբ ոտքի կը կանգնէր: Աստիճանաբար յաջողեցաւ գործածել իր անուաւոր աթոռը, իսկ այժմ արդէն` իր անթացուպը:

«Վիրաբուժին եւ ֆիզիքական դարմանումը կիրարկող մասնագէտին նախատեսութիւնները շատ լաւ են: Անոնք կ՛ըսեն, թէ պիտի կարենամ օր մը վազել:- կ՛ըսէ Քոլ:- Արկածէն ետք կը կարծէին, թէ պիտի մեռնէի: Ապա անկարող էի առանձին ուտելու»:

Կէս մարաթոնին մասնակցութիւնը վերջին փորձաքարն էր Քոլի հետեւողական բուժումին: Անոր կրծքավանդակին ոսկորներէն երեքը փշրուած էին 8 հոկտեմբեր 2012-ին: Ողնայարը ծանրօրէն վնասուած էր: Յայտնապէս ինքնաշարժ քշելու արտօնագիրէ զուրկ անձ մը զարկած էր Քոլին, երբ ան հեծիկ կը քշէր իր մէկ դրացիին հետ, տան մօտակայ փողոցի մը մէջ: Իրաւական հետապնդումը տակաւին կը շարունակուի:

Այնուհետեւ, Քոլ իր տաժանելի բուժումին զուգահեռ, հոգ տարած է իր 6 տարեկան մանչուկին: Արկածէն ետք Նիք տեղափոխուած է Քոլի տունը եւ հոգ տարած է Լիամի, երբ Քոլ երկու ամիս անցուցած էր Նիւ Օրլիընզի ֆիզիքական դարմանումի մէկ կեդրոնին մէջ:

«Անշուշտ մարտահրաւէր մըն էր այս, սակայն մեծ բաւարարութիւն կը զգայի,- կ՛ըսէ Նիք:- Ինծի համար շատ մեծ իմաստ ունի Քոլի եւ Լիամի օգնելը: Շատ աւելի սերտ են մեր զգացումները այսօր: Մեծ բաւարարութիւն կը զգամ` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս Քոլի վիճակը կը բարելաւուի օրէ օր: Ճիշդ է` դանդաղ գործընթաց մըն է, սակայն յստակօրէն եւ հետեւողական կերպով կ՛ընթանայ դէպի առաջ»:

«Կեանքիս ամէնէն դժուար ժամանակն էր,- կ՛ըսէ Քոլ` նկարագրելով արկածին անմիջապէս յաջորդող օրերը:- Դժուար էր Լիամի համար: Երբ առաջին անգամ տեսաւ զիս, բացագանչեց. «Մա՛մ զոմպիի կը նմանիս»: Հիմա արդէն վարժուած է եւ կ՛օգնէ ինծի, երբ անթացուպով կը քալեմ: Կ՛օգնէ ինծի ամէն ձեւով: Ուրախ եմ, որ նման լաւ օրինակ մը կրնամ ըլլալ իրեն համար»:

Առաջին անգամ չէ, որ Քոլ արկածահար կը դառնայ: 2002-ին ան ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով կոտրած է իր վզոսկրը եւ աջ կոնքը, սակայն բուժուած է: Երկու տարի առաջ սկսած է մասնակցիլ վազքի մրցումներու, որպէսզի պահէ իր ֆիզիքական լաւ վիճակը, մէկ կողմէ կիրարկելով անասնաբուժի իր ասպարէզը, միւս կողմէ` մեծցնելով Լիամը: Անցեալ տարի ան առաջին անգամ մասնակցած էր Նիւ Օրլիընզի կէս մարաթոնին եւ ծրագրած էր այս տարի եւս վազել բարեկամներու հետ, սակայն արկածահար եղած էր:

Միացեալ Նահանգներու Անկարներու յատուկ լողալու, վազքի եւ հեծելարշաւի կազմակերպութիւնը կապ հաստատած է Քոլի հետ եւ զայն հրաւիրած է մասնակցելու իր ձեռնարկներուն: Քոլ կը մտածէ փորձ մը կատարել, սակայն անոր գերագոյն նպատակն է օր մը առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան մասնակցիլ Նիւ Օրլիընզի կէս մարաթոնին եւ կտրել վերջին գիծը:

«Օր մը դարձեալ պիտի մասնակցիմ մրցումներուն,- կ՛ըսէ ան:- Բժիշկները կը հաւատան, թէ օր մը դարձեալ պիտի կարենամ ամէն ինչ ընել: Վճռած եմ»:

 

Share this Article
CATEGORIES