Մարդկային Կարեկցանքի Հզօր Արտայայտութիւններ. «Տուրմի Շերտ» Մը` Բուժումի Համար…
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԵՐԲԵՄՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆԽԱԹԱՐ ԵՒ ՋԵՐՄ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ԿԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵՆ ՄԵՐ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՉԱՓԱՀԱՍԻ ՅԱՏՈՒԿ ՄԵՐ ԿԱՂԱՊԱՐՈՒՄՆԵՐԸ: «ԷՄ. ԷՍ. ԷՆ. ԹՈՒՏԷՅ» ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ, ԱՆՍԱԿԱՐԿ ՍԻՐՈՅ, ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՂԵՑԻԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԻԲՐԵՒ ՈՒՐԻՇԻՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ԽՈՐԱՊԷՍ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԱՐՄՈՒՆՔԻ ՕՐԻՆԱԿ ԻՐ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄԷՋ ՆԱՒԱՐԿՈՂՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՅՍՊԷՍ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՄԱՆՉՈՒԿ ՄԸ ԿԸ ԳՐԷ «ՉԱՔԼԵԹ ՊԱՐ» ՎԵՐՆԱԳԻՐՈՎ ԳԻՐՔ ՄԸ ԵՒ 92 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ԳՈՅԱՑԵՆԷ` ԻՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԲԱՐԵԿԱՄԻՆ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊ ՄԷԿ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԲՈՒԺՈՒՄ ՄԸ ԳՏՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ԱՆ Չ՛ՈՒԶԵՐ ՍՊԱՍԵԼ, ՈՐ ՈՒՐԻՇՆԵՐ ՕՐ ՄԸ ՄՏԱԾԵՆ ՃԱՐԻՆ ՄԱՍԻՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՅԱՋՈՂԻ ԵՐԱԶԸ ԴԱՐՁՆԵԼ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ…
Տիլըն Սիկըլ, 6 տարեկան մանչուկ մը, կը գրէ «Չաքլեթ պար» անունով գիրք մը, որպէսզի բուժում մը գտնէ իր 7 տարեկան լաւագոյն բարեկամին` Ճոնա Փուրնազարիանի համար, որ կը տառապի լեարդի հազուադէպ հիւանդութենէ մը: Գիրքը յաջողած է գոյացնել աւելի քան 92 հազար տոլար, որ պիտի յատկացուի այս հիւանդութեան ուսումնասիրութեան աշխատանքներուն:
Տիլըն Սիկըլ վարպետ «Մոնոփոլի» խաղցող մըն է: Խաղին մէջ Պորտուոքը անոր նախասիրած կալուածն է: Ան կը սիրէ խաղալ գանձապահի դերը եւ դրամական փոխանակումներ կատարել:
Անոր հարազատները սորված են չթերագնահատել զինք: «Տիլընի հետ «Մոնոփոլի» մի՛ խաղաք, ի՛նք կը տիրապետէ,- կ՛ըսէ մայրը` Տեպրա Սիկըլ:- Ան առեւտրական է: Մեր ընտանիքին մէջ յաճախ կատակով կ՛ըսենք, թէ օր մը բոլորս Տիլընի համար պիտի աշխատինք»:
Ձեւով մը անոնք արդէն կ՛աշխատին Տիլընի համար: Քանի մը ամիս առաջ Տիլըն յայտարարեց, թէ կ՛ուզէր օգնել Ճոնայի եւ յղացած էր գաղափար մը. պիտի գրէր գիրք մը, բազմաթիւ օրինակներ պիտի վաճառէր եւ դրամ պիտի դիզէր, որպէսզի ուսումնասիրողներ դարման մը գտնէին անոր հիւանդութեան:
Ապա, առանց տատամսելու ան սկսաւ գրել:
Յետմիջօրէ մը Տիլըն առաւ իր մօրը նամակի լաւագոյն թուղթերը եւ գրի առաւ ու պատկերազարդեց 16 էջնոց գիրք մը` «Չաքլեթ պար» վերնագիրով: Ապա ան ստիպեց իր հօրը եւ մօրը` իր անմիջական զօրակիցներուն, որ հրատարակեն զայն եւ գտնեն իր գիրքը լայնօրէն տարածելու ձեւը:
Օրեր շարունակ իրենց զաւկին հետեւողական յիշեցումները լսելէ ետք, Տիլընի ծնողները ի վերջոյ ընդառաջեցին իրենց մատ մը երեխային գիրքը հրատարակելու փափաքին: Այնուհետեւ Տիլընի բախտին անիւը այնպէս կը թաւալի, որ չափահաս տարիքի բազմաթիւ գրագէտներ պիտի նախանձէին:
Տիլըն եւ հաճելի խաղի սիրահար իր բարեկամը` Ճոնա իրենց վրայ լուսարձակներ հրաւիրող շնորհահանդէս մը կազմակերպեցին «Պարնզ էնտ Նոպըլ» հրատարակչատան մէջ եւ լիաթոք խնդացին լրատուամիջոցներու կողմէ պատկերասփռուած բազմաթիւ հարցազրոյցներու ընթացքին: Անոնց կայքէջը http://chocolatebarbook.com եւ Դիմատետրի էջը www.facebook.com/Chocolatebarbook ուռճացան սրընթաց թափով, եւ անոնք ստացան քաջալերանքի բազմաթիւ երկտողներ` աշխարհի բոլոր կողմերէն:
Տիլընի «Չաքլեթ պար» գիրքը դարձաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը: Ցարդ անոր վաճառքէն գոյացած է աւելի քան 92 հազար տոլար: Գումարը տրամադրուած է Ֆլորիտայի համալսարանին մէջ ուսումնասիրողներու այն խմբակին, որ կ՛աշխատի դարման մը գտնել Ճոնայի հիւանդութեան: Սակայն, որքան ալ տպաւորիչ թուի այս իրականութիւնը, Տիլըն բաւականացած չէ եւ մտադիր չէ կանգ առնելու:
«Նպատակս մէկ միլիոն տոլար գոյացնել է,- կը յայտարարէ Տիլըն:- Ապա կ՛ենթադրեմ, թէ «Չաքլեթ պար»-ի շարքեր պիտի գրեմ` դրամ գոյացնելու համար տարբեր հիւանդութիւններու դարմանումին»:
Տիլըն եւ Ճոնա խանդավառ փոքրիկներ են, իսկ անոնց բնորոշ ձայնը ծիծաղն է: Երբ երկուքը քով-քովի կու գան, կը վերածուին ծաղրածուի:
«Շատ հաճելի է Ճոնայի հետ խաղալը, իրապէս աղուոր է Ճոնան», կ՛ըսէ Սիկըլ:
«Չաքլեթ Պար». Հոմանիշ` «Հրաշալի»

Լաւագոյն բարեկամներ Ճոնա Փուրնազարիան (ձախին) եւ Տիլըն Սիկըլ (աջին) կը սիրեն «Մոնոփոլի», պասքեթպոլ եւ ֆութպոլ խաղալ միասին:
Ժամանակէ մը ի վեր Տիլըն եւ Ճոնա կը գործածէին իրենց իսկ ստեղծած մէկ յանկերգը` «չաքլեթ պար», նկարագրելու համար խիստ հետաքրքրական կամ տպաւորիչ բան մը:
«Օրինակ, Տիզնիլենտ երթալը ի՜նչ չաքլեթ պար է,- կը բացագանչէ Ճոնա:- Տիզնիլենտի խաղավայրը որքա՜ն չաքլեթ պար է»:
Այս արտայայտչաձեւը ներշնչման աղբիւրը եղած է Տիլընի գիրքին: Անոր գծագրութիւններուն ընկերակցող տողերը կ՛ըսեն.
«Կը սիրեմ ծով երթալ, ի՜նչ չաքլեթ պար է»:
«Կը սիրեմ լողալու երթալ. ի՜նչ չաքլեթ պար է»:
Իսկ գիրքին նպատա՞կը.
«Կը սիրեմ օգնել բարեկամներուս: Ասիկա ամէնէն մեծ չաքլեթ պարն է»:
Տիլընի ծնողները գիրքը հրատարակեցին անոր յաճախած դպրոցին կազմակերպած «Բարի աշխատանքներու օրուան» առիթով: Տիլըն փափաքեցաւ իր «Չաքլեթ պար» գիրքին օրինակներուն կողքին վաճառել նաեւ իրական տուրմեր: Շրջանին մէջ Հոլ Ֆուտծի մասնաճիւղ մը մեծ քանակութեամբ տուրմ նուիրեց անոր բարի նպատակին: Մէկ օրուան մէջ ծաւալեցաւ գիրքը գնելու խելայեղ ընթացք մը եւ անոր օրինակները շուտով սպառեցան:
Եգիպտացորենի Նշահ, Անքուն Գիշերներ…
Հեգնականը այն է, թէ Ճոնայի արտօնուած չէ տուրմ ուտել, ոչ ալ` պտուղ, ինչպէս նաեւ` շարք մը համեմաւոր ուտելիքներ:
Ճոնայի հիւանդութիւնը, որ կը կոչուի կլայքոճեն (տեսակ մը բնածխաջրատ) ամբարելու հիւանդութիւն (Կլայքոճեն սթորեճ տիզիզ). չափազանց հազուադէպ հիւանդութիւն մըն է, որուն մէկ տեսակը, որմէ կը տառապի ան, կը հարուածէ միլիոնէն մէկը, ինչպէս կ՛ըսէ անոր հայրը` Ռապին Փուրնազարիան:
«Դժուար է այս հիւանդութեամբ ապրիլը», կ՛ըսէ մանչուկին 42 տարեկան հայրը:
Կլայքոճեն ամբարելու հիւանդութենէն տառապողներուն արեան մէջ շաքարի համեմատութիւնը այնքան շատ կը նուազի, որ անոնք ծանր տագնապներու ենթակայ կը դառնան եւ կրնան նոյնիսկ մեռնիլ: Այս հիւանդութիւնը մահացու էր մինչեւ 1971, երբ բժիշկներ յայտնաբերեցին անկէ տառապող մանուկները կենդանի պահելու գաղտնիքը` եգիպտացորենի նշահը (քոռնսթարչ):
Դժուարամարս եգիպտացորենի նշահը դանդաղ կշռոյթով շաքար կը ներարկէ արեան: Ճոնա պարտաւոր է օրական 7 անգամ կանոնաւոր ժամերու խմել ջուրի մէջ լուծուած եգիպտացորենի նշահ: Երբեմն ան կը խմէ այս հեղուկը, սակայն յաճախ զայն խողովակի մը միջոցով կը պարպէ ստամոքսին մէջ:
Ճոնա օրական երկու անգամ տարբեր բան մը կ՛ուտէ` մարմնին անհրաժեշտ սնունդը առնելու համար: Օրինակ` յատուկ ապուր մը, որ կը պարունակէ միս կամ հաւ, բրինձ, ոսպ, կանաչեղէն, գինձ կամ ազատքեղ: Սակայն այս բոլորին կողքին ան պէտք է տեւական սպառէ եգիպտացորենի նշահ:
Եգիպտացորենի նշահ սպառելու պարտադիր ժամերէն մէկը առաւօտեան ժամը երեքն է: Ճոնայի մայրը` 40 տարեկան Լորա Փուրնազարիան կ՛ըսէ, թէ ինք եւ իր ամուսինը միշտ զարթուցիչ ժամացոյցներ կը լարեն, որպէսզի արթննան:
«Եօթը տարիէ ի վեր լաւ չենք քնացած», կ՛ըսէ ան:
«Դժուար Է Այսքան Հիւանդ Տեսնել Զաւակդ»
Տէյվիտ Վայնսթայն, որ կը գլխաւորէ Ֆլորիտայի համալսարանին Կլայքոճեն ամբարելու հիւանդութեան ծրագիրը, կ՛ըսէ, թէ այս ուսումնասիրութեան համար գումարներ գոյացնելը կը դիմագրաւէ յատուկ մարտահրաւէրներ:
«Մեր դիմաց ունինք հիւանդութիւն մը, որուն իբրեւ դարման կը գործածուի մսաջուր թանձրացնող նիւթ մը,- կը բացատրէ ան Ֆլորիտայի համալսարանին կողմէ հրապարակուած տեսերիզի մը մէջ:- Ինչպէ՞ս կարելի է մարդիկը համոզել, որ լուրջ վերաբերում ցուցաբերեն այս հիւանդութեան նկատմամբ, երբ հանրախանութ կ՛երթաս` գնելու համար բժշկագիտութեան կողմէ յանձնարարուած դեղը»:
Սակայն Ճոնայի ընտանիքը եւ ուրիշներ կը ցանկան տեսնել իրական բուժում մը: Անկախ Ճոնայի նշահ կերակրելու անխնայ ժամանակացոյցէն, մանչուկին մարմինը պարզապէս կարողութիւնը չունի դիմադրելու ցպկային (պաքթիրիըլ) վարակումներու: Ճոնա հիւանդանոց փոխադրուած է աւելի քան 20 անգամ:
«Շատ հիւանդ էր անցեալ ամիս: Այսքան հիւանդ չէր եղած որեւէ ժամանակ:- կ՛ըսէ Ճոնայի մայրը` յիշելով հիւանդանոցին մէջ Ճոնայի անցուցած ահաւոր օրերը:- Դժուար է այսքան հիւանդ տեսնել զաւակդ»:
Վայնշթայն Ֆլորիտայի համալսարանին մէջ գլխաւորած ուսումնասիրողներու իր խումբին հետ կ՛աշխատի գտնել բուժումը կլայքոճեն ամբարելու հիւանդութեան:
Ուսումնասիրողներ արդէն յայտնաբերած են դարմանը շուներու քով կլայքոճենի ամբարումի հիւանդութեան: Ճոնայի ծնողները կը յուսան, որ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն դարման մը գտնուի նաեւ իրենց զաւակը բուժելու համար: Եւ որովհետեւ այս հիւանդութեան բուժումին նիւթական աղբիւրները գրեթէ ամբողջութեամբ կախեալ են բարեսիրական նուիրատուութիւններէ, Տիլընի «Չաքլեթ պար» գիրքին ներդրումը կը ներկայացնէ դիւցազներգական տարողութիւն մը:
«Շատ ուրախ եմ Տիլընի գործով,- կ՛ըսէ Ճոնա:- Շատ լաւ բարեկամ է ան»:
«Մեծ Յոյս»

Անոնք նաեւ կը սիրեն միասին խնդալ:
Այս երկու փոքրիկները լրատուամիջոցներու հրապարակած զգայացունց լուրերուն մաս կը կազմեն «Չաքլեթ պար» գիրքին հրատարակութենէն ի վեր:
Տիլընի եւ Ճոնայի ծնողները զարմացած են` ի տես աշխարհի տարբեր կողմերէն իրենց զաւակներուն նկատմամբ ստեղծուած հետաքրքրութեան: Անոնք յաճախ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ այս պատմութիւնը այսքան խոր ազդեցութիւն կը գործէ մարդոց վրայ:
«Անիկա շատերուն կը ներշնչէ այն մեծ յոյսը, թէ աշխարհի վրայ կայ բարին,- կ՛ըսէ Ռապին Փուրնազարիան:- Երբ այսքան շատ ողբերգութիւն կը տիրէ մեր շուրջ, այս փոքրիկ տղան կարողութիւնը ունի այսպիսի հզօր բան մը իրագործելու` օգնելու համար իր լաւագոյն բարեկամին»:
Տիլընի մայրը կ՛աւելցնէ, թէ մանուկներուն լաւատեսութիւնն ու անվախութիւնը վերաթարմացնող յատկութիւն մը ունին:
«Մանուկներ նման մեծ գաղափարներ կը ծնին: Անոնք հրաշալի աշխարհայեացք մը ունին,- կ՛ըսէ ան:- Անոնք յոգնած չեն, անոնք չեն սորված յոռետես ըլլալ… Աւելի ականջ պէտք է տանք անոնց»:
Ինչ կը վերաբերի Տիլընի գերագոյն եւ փառահեղ ձգտումին, անոր հայրը` Տէյվիտ Սիկըլ կ՛ըսէ.
«Երբ Տիլըն կ՛ըսէ, թէ մէկ միլիոն տոլար պիտի գոյացնենք, ես ո՛վ եմ, որ կասկածով դիմաւորեմ այս փոքրիկ տղան»:

