Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ Յարգանք Ուսուցչաց

Արաբական աշխարհը 9 մարտին կը նշէ ուսուցչաց տօնը: Աշակերտներ այս առիթով ծաղիկներով, գեղեցիկ խօսքերով կամ այլ տեսակի նուէրներով իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն այն էակներուն հանդէպ, որոնք մօր նման կը հոգան, կ՛ուղղեն, կը դաստիարակեն, կ՛ուսուցանեն, կը սորվեցնեն եւ կ՛առաջնորդեն զիրենք:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 7 մարտ 2013-ին, Ս. Խաչ- Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները կոկիկ հանդիսութեամբ մը իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին ու մեծարեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք իրենց սուղն ու աժանը կը զոհեն ի խնդիր վարժարանիս յառաջդիմութեան եւ աշակերտներու դաստիարակութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկան 10-րդ դասարանի աշակերտուհիներ Սալբի Կանիմեան` արաբերէնով, եւ Արինա Թեփիրճեան` հայերէնով, որոնք նշեցին, թէ` «ուսուցիչը յանձնառու եւ գիտակից է իր պարտականութեանց, միշտ նեցուկ կը կանգնի, կը կրթէ ու կը դաստիարակէ իր իսկական զաւակներուն պէս իրեն համար սիրելի աշակերտները»: Անոնք յայտնեցին, որ իրենց ուսուցիչներուն շունչը վարար աղբիւր մըն է, որ կ՛ոռոգէ ուսման ծարաւ հոգիները: Անոնց խօսքերուն մէջ շեշտը դրուեցաւ բոլոր ուսուցիչներուն նուիրումին եւ լաւագոյն ուսում ջամբելու անոնց  պատրաստակամութեան վրայ:

Նախակրթարանի Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտական խմբակներ իրենց ուսուցիչներուն նուիրեցին «Շատ կը սիրեմ սւսուցիչներս» եւ «Սիրելի ուսուցիչ» երգերը, իւրաքանչիւր ուսուցիչին անունը կրելով սիրտէ խաւաքարտերու վրայ, այդպիսով իրենց սէրը եւ շնորհապարտութիւնը յայտնելով ուսուցիչին` իր նուիրական աշխատանքին եւ վեհանձն հոգիին համար:

Ապա բեմ բարձրացան Գ. դասարանի աշակերտները եւ ֆրանսերէն արտասանութեամբ թուեցին իրենց ուսուցիչներուն յատկութիւնները եւ դասարանին մէջ կատարած բազմաթիւ գերգնահատելի աշխատանքները:

10-րդ դասարանի աշակերտ Յակոբ Փամպուքեան կիթառի նուագ մը` «Asturias» հրամցնելով, մասնակցեցաւ օրուան հանդիսութեան:

Այնուհետեւ, Ա. դասարանի աշակերտները, «No. 1 Teacher» գնահատական տալով` անգլերէն արտասանութիւն մը կատարեցին, մանկական հնչեղութեամբ շնորհակալական զգացումներ արտայայտելով իրենց սիրելի ուսուցիչներուն հանդէպ: Իսկ Դ. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները հայերէնով արտասանեցին «Ուսուցիչներուն» քերթուածը:

Ուսուցիչներուն համար այս մեծ օրուան առիթով 10-րդ դասարանի աշակերտները մէկական նախադասութիւններով ամբողջացուցին իրենց դաստիարակչուհիին հանդէպ երախտագիտութեան եւ յարգանքի զգացումներու խճանկարը` լուսարձակի տակ առնելով անոր` մօր նման հոգացողի, սիրալիր վերաբերողի եւ դաստիարակի յատկութիւնները:

Հանդիսութեան վերջին բաժինով աւարտական դասարանի աշակերտներուն պատրաստած հատուածը բոլորին տրամադրեց շատ հաճելի պահեր: Անոնք իւրաքանչիւր ուսուցիչ բեմ հրաւիրեցին` զայն նկարագրող խօսքով, ու ծաղիկով մը պատուեցին զայն` անոր նուիրելով նաեւ իր անհատականութեան համեմատող գեղեցիկ երգ մը, որ բծախնդրօրէն ընտրուած էր:

Բոլոր ուսուցիչները անխտիր բեմին վրայ գտնուելէ ետք, անոնց փաղանգը ամբողջացուց վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ` «այս գեղեցիկ օրուան ընթացքին դերերը կը փոխուին, եւ ուսուցիչները բեմ կը բարձրանան` պատիւի արժանանալու համար»: Ան շնորհաւորեց բոլորը եւ խօսքը եզրափակեց` առողջութեան, յաջողութեան եւ երջանկութեան մաղթանքներ կատարելով:

«Ուսուցիչները կերտիչներ են. անոնք մարդ անհատին կազմաւորման ու անոր կեանքի ամէնէն կարեւոր հանգրուանին ընթացքին կը դառնան աշակերտներուն երկրորդ ծնողը եւ յատկանշական կերպով կը դպչին անոնց հոգիներուն: Թող բոլոր ուսուցիչներուն, ի մասնաւորի իր իւրայատուկ դերն ու բեռը ունեցող հայ ուսուցիչին, արեւը երբեք չխաւարի ու անոնց կ՛ըսենք.

«Վառ ճակատէն հայ ուսուցիչին` բեղուն քրտինքը մշակի ամենեւին չպակսի՜ ու չկասի՜: Այդ քրտինքով հայ դպրոցը թող ոռոգուի ու դառնայ ծո՜վ մշակոյթի»:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ – ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ  

 

Share this Article
CATEGORIES