Հաղորդագրութիւն
Թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ` Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ, չորեքշաբթի 27 եւ հինգշաբթի 28 փետրուար 2013-ին Շարժայի համալիրի «Փիեռ Քէօսէեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական ծոցի երկիրներու Ազգային երեսփոխանական ԺԹ. ժողովը:
Իր երկօրեայ աշխատանքներուն ընթացքին ժողովը, Ազգային վարչութեանց նիւթա-բարոյական տեղեկագրերուն ընդմէջէն, մանրամասնօրէն քննարկեց նախորդ տարեշրջանին Թեմիս սահմաններէն ներս տարուած հոգեւոր, վարչական, տնտեսական եւ հասարակական բնոյթ ունեցող աշխատանքները եւ ըստ այնմ արժեւորելով վարչութեանց տարած միամեայ գործունէութիւնը` յառաջիկային համար կատարեց անհրաժեշտ թելադրութիւններ:
Ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին Արաբական ծոցի հայ համայնքներու ազգային-եկեղեցական կեանքին վերաբերող մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ: Ժողովը քննարկեց նաեւ Ազգ. առաջնորդարանին նախահաշիւը, Ծոցի թեմական կառոյցին մէջ յառաջանալիք երկու վարչակազմակերպական միաւորներու պարագան, Քուէյթի, Քաթարի եւ Ապու Տապիի շրջաններէն ներս գոյութիւն ունեցող շինարարական ծրագիրներն ու կալուածային հարցերը, թեմական նոր կանոնագրութեան վաւերացումի պարագան, թեմիս տարբեր շրջաններուն անունով Ազգային Ընդհանուր ժողովին մասնակցող պատգամաւորներուն ընտրութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան
100- ամեակին պատրաստուելու հարցը, սուրիահայութեան օժանդակութեան համար շրջաններուն մէջ շարունակուող նախաձեռնութիւնները եւ արժանաւոր կերպով հայ մօր Տարին նշելու անհրաժեշտութիւնը:
Սպառիչ քննարկումներէ ետք ժողովը տուաւ համապատասխան որոշումներ ու օրակարգի վերջին կէտով, միաձայնութեամբ եւ երկու տարիներու պաշտօնավարութեան համար
հետեւեալ ձեւով յառաջացուց թեմիս չորս շրջաններուն Ազգային վարչութեանց կազմերը.-
Քուէյթի Ազգային վարչութեան կազմ
1. Վարդան Նարինեան
2. Րաֆֆի Յովսէփեան
3. Զարեհ Յակոբեան
4. Թովմաս Ուզաթմաճեան
5. Տոքթ. Գրիգոր Թովմասեան
6. Վահան Մարտիրոսեան
7. Արմէն Արմուճեան
Անձնափոխանորդ
1. Եղիկ Կարպուշեան
2. Անուշաւան Նազարեան
Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային վարչութեան կազմ
1. Նիրվա Ներկիզեան
2. Արփի Թիւթիւնճեան
3. Վարդուկ Գարակիւլլէեան
4. Արա Քէօսէեան
5. Սամ Պզտիկեան
6. Պոպ Բարսեղեան
7. Յակոբ Ճուքճուքեան
8. Խաժակ Յովսէփեան
9. Ռաֆֆի Պաղտուտ
Անձնափոխանորդ
1. Թալին Պետրոսեան
2. Թինօ Չիֆթճեան
Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան կազմ
1. Սեդրակ Տէր Մելքոնեան
2. Յակոբ Արսլանեան
3. Րաֆֆի Սիմոնեան
4. Սեպուհ Թուխմանեան
5. Բագրատ Պալապանեան
6. Անուշքայ Ճոնեան
7. Շանթ Թոզլիկեան
Անձնափոխանորդ
1. Հրայր Տաղլեան
2. Անի Բաթանեան
3. Արթիւր Տապաղլեան
Քաթարի Ազգային վարչութեան կազմ
1. Վարդան Գուզուճեան
2. Սթիւ Գարամարտեան
3. Նազօ Տէր Սարգիսեան
4. Սերժ Սապունճեան
5. Վահէ Հաւանճեան
6. Ալին Խաչատուրեան-Քիլեճեան
7. Զարմիկ Հալլաճեան
ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

