Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Աբրահամ` Հայր Հաւատացողներուն» (1)
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, հոկտեմբեր 2012-նոյեմբեր 2013 տարեշրջանը հռչակուած է «Հաւատքի տարի», որուն կապակցութեամբ քանի մը սիւնակ պիտի գրեմ` ուշադրութեանդ եւ գործածութեանդ յանձնելով հետեւեալ աղօթքը. զայն կրնաս դարձնել անձնական ու սրտաբուխ հաւատքի ներգործութիւն մը:
«Եկո՛ւր, Աստուած Սուրբ Հոգի, լեցո՛ւր մեզ Քու լոյսովդ:
Քու ներկայութեամբդ համակէ՛
իմ միտքս, իմ սիրտս, իմ հոգիս եւ իմ կամքս:
Աստուած Սուրբ Հոգի,
Քու Հանճարովդ եւ Իմաստութեամբդ
զիս առաջնորդէ՛ առօրեայիս ընթացքին:
Աստուած Սուրբ Հոգի,
Ուզե՛մ բացուիլ Քեզի, որ Լոյսն ես:
Ուզե՛մ ունկնդրել Քեզի, որ Խօսքն ես:
Ուզե՛մ ճանչնալ Քեզ, որ Սրբարարն ես:
– Մարիա՜մ, «Մայր բարի խորհրդոյ» եւ «Աթոռ իմաստութեան»,
Դուն եղի՛ր իմ Խորհրդատուս եւ Լուսամայրս: Ամէն»:
Սիւնակներուս նիւթն է` «Աբրահամ` հայր հաւատացողներուն»: Ուրեմն, քանի մեր խորհրդածութեան «հերոսն» է Աբրահամ, նախ կը փորձենք ծանօթանալ անոր կեանքին ու գործին` հարցնելով. «Ո՞վ է Աբրահամ…»:
Այս սուրբգրային անձնաւորութիւնը (Ծն. 12-25 գլուխները), որ նախահայր եւ նահապետ է, ունի երկու անուններ: Առաջինն է «Աբրամ», որ կը նշանակէ «Հայր բարձր (է)» (Աստուած), իսկ երկրորդին` «Աբրահամ»-ի իմաստն է «հայր ազգերու» կամ «հայր բազմութեան»:
Պատմական դէմք է: Ծննդեան թուականը անծանօթ է: Կեանքը կը դրուի 2000 եւ 1400 տարիներուն միջեւ, բայց հաւանաբար ապրած ըլլալու է ԺԳ.-ԺԴ. դարաշրջանին Քրիստոսէ առաջ:
Նոյի անդրանիկ որդիին` Սեմի սերունդէն է: Հօր անունը Թարա էր: Ծնած եւ ապրած է Ուր (կամ Քաղդէա) հարուստ եւ շքեղ քաղաքին մէջ, որ կը գտնուէր Եփրատի ափին, հիւսիսային Միջագետք: Ունէր երեք եղբայրներ:
Աբրահամ ամուսնացաւ իր խորթ քրոջ` «Սարա»-ին հետ, որ վերջը պիտի կոչուի «Սարրա» կամ «Սառա»: Անունով մեզի ծանօթ են Աբրահամի եղբայրը` Նաքովր եւ եղբօրորդին` Ղովտ:
Ծննդավայրին մէջ 70 տարի ապրելէ ետք Աբրահամ սկսաւ իր քոչուորական կամ թափառական կեանքը, որ պանդխտութեան կամ նժդեհութեան ուղեւորութիւն մը եղաւ` վերջապէս հասնելու եւ հաստատուելու համար «Աւետեաց եկիրը»:
Աբրահամի առաջին հանգրուանն եղաւ Խառան քաղաքը, ուր քանի մը տարի անցնելէ յետոյ, հօր մահէն ետք, մեկնեցաւ ապագային կոչուելիք «Աւետեաց երկիրը» եւ բնակեցաւ Սիւքեմի մէջ: Վրանաբնակ էր:
Թափառական հովիւ էր, այսինքն առատ ջուրի եւ հարուստ արօտի մշտական փնտռտուքով մտահոգ` շարունակ կը տեղախոխուէր իր հօտերով ու նախիրներով: Սովին պատճառով անոր երրորդ կայանն եղաւ Եգիպտոս, ուրկէ վերադարձաւ Քանանի երկիրը եւ վրանները զարկաւ Մամբրէ կաղնիին մօտ, Քեբրոնի մէջ:
Հոս ունեցաւ Իսմայէլը` իր առաջին որդին Ագար հարճէն, քանի Սառա կինը ամուլ էր: Ապա, մօտ 13 տարիներ ետք, Գերրայի մէջ, ալեւոր Սառա ծնաւ Իսահակը` Աստուծմէ Աբրահամին տրուած «մեծ խոստումին ժառանգորդը»:
Իսահակ դեռ պատանի էր, երբ կորսնցուց իր մայրը, որ թաղուեցաւ Մաքփելայի քարայրին մէջ, որ եղաւ նաեւ գերեզմանը անոր սիրապաշտած ամուսինին:
Աբրահամ, որ ամուսնացուցած էր Իսահակ որդին Միջագետքի իր աստուածապաշտ ազգականներէն բերել տուած Ռեբեկա օրիորդին հետ, ինքն ալ կին առաւ Քետուրան, որմէ ունեցաւ վեց որդիներ: Աբրահամ մեռաւ 175 տարեկանին:
Մարդ ըլլալով` Աբրահամ ունէր իր տկար կողմերն ու թերութիւններ. անոնց համընթաց` մեր նահապետը, որ ընտրեալ մըն էր «ի վերուստ», օժտուած էր բարեմասնութիւններով: Վերջինները ներկայացնեմ համառօտ կերպով:
Աբրահամ աստուածապաշտ, աստուածավախ է` միակ ճշմարիտ Աստուածը սիրելով եւ Անոր հաւատալով: Ընտանասէր ու եղբայրասէր է, ինչպէս նաեւ օգնահաս` իր քաջութեամբ: Խաղաղարար, ուղղամիտ, առատաձեռն ու հիւրասէր է :
Աբրահամի բարեմասնութիւններուն զարդը առաքինութիւնն է, սակայն անոր հաւատքը, որ ունկնդիր է, հնազանդ է, համակերպող է, գործադրող է: Պարզ եւ անյողդողդ հաւատքն է, որ չի ճանչնար վարանում եւ յապաղում:
Հաւատքը, որ անորոշութեան մէջ կ՛առաջնորդէ: Հաւատքը, որ փապուղին կը լուսաւորէ: Հաւատքը, որ տեղէ տեղ կը փոխադրէ:
Նոյնիսկ անդրդուելի ու գործօն մնաց Աբրահամի հաւատքը, երբ պահանջուեցաւ անկէ եւ իր ձեռքով կատարուելիք զոհաբերումն իր որդիին:
Ի զուր չէ, որ Աբրահամ սուրբգրային ամէնէն մեծ ու ժողովրդական դէմքերէն մին է, եթէ ո՛չ առաջինը` Հին Կտակարանին մէջ, որ կոչուեցաւ եւ կը կոչուի «հայր հաւատացելոց»:
Աբրահամ հայրն է բոլոր հաւատացեալներուն, որոնց առաջինն է Իսահակ որդին` երկնակամարին աստղերու քանակով եւ որակով օժտուած ժառանգը. անոնց հետ պիտի ժառանգէ «երկնային Քանանը»:
Աբրահամի անձին, գործին ու յատկապէս հաւատքին մէջ լիովին լրացաւ Աստուծոյ խոստումը իբրեւ նախահայր Յիսուս Քրիստոսի, որով եւ որմէ, որուն մէջ եւ որուն համար օրհնուեցան, կ՛օրհնուին ու պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը:
Այնճար, 4 Մարտ 2013

