ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Երէկ առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանին: Դեսպանը վեհափառ հայրապետին պաշտօնապէս փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական յանձնախումբի նշանակման հրամանագիրը, ինչպէս նաեւ նախագահին նամակը` ուղղուած վեհափառին:
Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ տեղեկութիւններու եւ կարծիքներու փոխանակման` Լիբանանի ներքին կացութեան ու Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերու շուրջ: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը աւելի զարգացնելու կոչուած երկու երկիրներու գործարարներու խմբակցութեան մը յառաջացումը դեսպան Քոչարեանի կողմէ:
CATEGORIES Գաղութային