ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՔՈՒԷՅԹ

Երկուշաբթի, 16 մայիսի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս պիտի մեկնի Քուէյթ` ընդառաջելով Քուէյթի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրին:

Վեհափառ հայրապետը Քուէյթ պիտի մնայ երեք օրեր, պիտի նախագահէ Ազգային վարժարանի 50-ամեակի հանդիսութեան ու յարակից ձեռնարկներուն, իր պատգամը պիտի ուղղէ ժողովուրդին եկեղեցւոյ մէջ, ապա հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական ու ազգային պատասխանատուներու հետ:

Share this Article
CATEGORIES