Ինչպէ՞ս Թէ Չեմ Ցաւիր Խոջալուին Համար
ՓՆԱՐ ԷՕՂԻՒՆՉ
Ազերի գրող Աքրամ Այլիսլիին հետ խօսեցանք իր դէմ ծաւալող շարժումին մասին. ըսելիքներ ունէր ան Խոջալուի տարելիցին մօտեցող այս օրերուն. հրաւէր կը սպասէր Թուրքիայէն:
Ազրպէյճանցի նախկին երեսփոխան եւ գրող մըն է ան, որ կքած է պետութեան պարգեւած շքանշաններու բեռան տակ: Պատմուածք մը կը գրէ` «Քարէ երազներ», որուն մէջ ազերի մը օգտակար կը դառնայ հայու մը, եւ աշխարհ տակն ու վրայ կը դառնայ. ո՛չ միայն տունէն դուրս չի կրնար ելլել, այլ դասագիրքերէն դուրս կը բերուին իր գրութիւնները, թատրերգութիւնները կ՛արգիլուին պետական թատրոններու խաղացանկէն. պետութիւնը ետ կը պահանջէ ի՛ր իսկ պարգեւած շքանշանները, կը գտնուին մարդիկ, որոնք գիրքերը հաւաքելով` կը թաղեն հողին տակ, եւ նոյնիսկ` ականջը կտրողին պարգեւ խոստացողներ…
Ուզեցինք, որ Աքրամ Այլիսլիին հետ քննարկենք իր դէմ կիրարկուող հալածանքին վերջին զարգացումները. երկու խօսք ունէր մեզի ըսելիք փետրուար 26-ի Խոջալուի սպանդին տարելիցէն առաջ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ժամանակէ մը ի վեր կ՛ապրիք պաշարման իրավիճակի մէջ. ի՞նչ է կացութիւնը ներկայիս ձեր դէմ ուղղուած բողոքներուն. տակաւին բազմութիւններ կը հաւաքուի՞ն ձեր տան դիմաց:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Կրնամ ըսել, որ քիչ մը նուազած է. պատկերասփիւռէն իմ դէմ եղած յարձակումները եթէ դադրին, փողոցին հակազդեցութիւնն ալ կը նուազի. երեք-չորս օրէ ի վեր տանս առջեւ ոչ ոք եկաւ:
Հ.- Հանգիստ կերպով փողոց կրնա՞ք իջնել:
Պ.- Բարեկամներս կը զգուշացնեն, բայց ես կ՛իջնեմ. որովհետեւ ես չեմ վախնար սովորական մարդոցմէ կամ ժողովուրդէն. զիս հալածողները անոնք չեն: Փողոց կ՛ելլեմ, բայց` զգուշաւոր:
Հ.- Բնաւ մտավախութիւն ունեցա՞ք, որ Խոջալուի սպանդին տարելիցը կրնայ ձեր դէմ օգտագործուիլ:
Պ.- Ինծի դէմ տարուող հալածանքին վրայ դիւրաւ այս մէկն ալ կրնան աւելցնել, սակայն տարելիցին կապակցութեամբ ցարդ որեւէ հակազդեցութիւն չեղաւ: Կը կարծէ՞ք, որ մարդիկ փողոց կ՛իջնեն անձնական համոզումներով. եթէ այս քարոզչութիւնը կազմակերպուած չըլլայ ոմանց կողմէ, վստահ եղէք, որ սովորական մարդը խուժանի չի վերածուիր խաղաղութիւն պատգամող մէկու մը դէմ: Եթէ մամուլն ու քաղաքականութիւնը չկազմակերպեն այս ատելութիւնը, խորքին մէջ ժողովուրդներ հարցեր չեն ունենար: Իմ պարագաս առիթ ընծայեց պետութեան մէջ կարգ մը մարդոց փաստելու իրենց հայրենասիրութիւնը, որովհետեւ ասիկա շահարկումի առիթ է. անոնք դրամագլուխի վերածողներ են իմ շնորհիւ փաստած իրենց հայրենասիրութիւնը:
Հ.- Ձեզի թիկունք կանգնողները բազմացա՞ն:
Պ.- Այս գաղափարին թիկունք կանգնողներ միշտ գտնուած էին, հարցը հետեւեալն է հոս, թոշակը պետութենէն ստացողներ չեն կրնար արտայայտել իրենց գաղափարները, սակայն անկախ մտաւորականներ բացայայտօրէն ցոյց կրնան տալ իրենց նեցուկը:
Հ.- Կը յուսա՞ք, որ այս օրերը ձեր ետին կը մնան:
Պ.- Յոյսս մեծ է. երկիրս երկուքի բաժնուած է. խումբ մը կ՛ըսէ, որ ազերիներու եւ հայերու միջեւ թշնամութիւնը պէտք է վերջ գտնէ, բայց ահա, խումբ մըն ալ կայ, որ ո՛չ միայն հաշտութեան մասին խօսիլ չ՛ուզեր, այլ կ՛ուզէ, որ թշնամութիւնը ա՛լ աւելի սրի. ահաւասիկ ա՛յդ խումբը տարհամոզելու ջանացողներն են ինծի նեցուկ կանգնողները, որոնք համոզուած են, որ հայերուն հետ կարելի է նախկին յարաբերութիւնները վերականգնել եւ եղբայրաբար ապրիլ:
Հ.- Թուրքիայէն ոեւէ քաղաքագէտ ձեզի հետ կապ հաստատե՞ց:
Պ.- Խումբ մը գրողներու եւ մտաւորականներու նեցուկը մեծ եղաւ, սակայն, ո՛չ, ոչ մէկ քաղաքագէտ զիս փնտռեց:
Հ.- Առիթով մը ըսած էիք, որ եթէ պայմանները դժուարանան, պիտի չկարենայիք ապրիլ Ազրպէյճանի մէջ. կը մտածէ՞ք հեռանալ ձեր երկրէն:
Պ.- Հոս կեանքը ինծի համար շատ դժուար է. այնքան շատ բան պատահեցաւ, գրութիւններս դուրս բերուեցան դասագիրքերէն, թատրերգութիւններս արգիլուեցան թատրոններու մէջ. կեանքի պայմանները աւելի՛ դժուարացան ինծի համար: Եթէ որոշեմ հեռանալ երկրէս, առաջին առթիւ Թուրքիոյ մասին կը մտածեմ. ինքզինքս, Ազրպէյճանէն ետք, Թուրքիոյ մէջ հանգիստ կը զգամ, որովհետեւ եղբայրութիւն մը կայ մեր միջեւ. սակայն հարկ է, որ մէկը զիս հրաւիրէ. հարսս արդէն Պոլիսէն է:
Հ.- Օրինակ` ո՞վ պէտք է հրաւիրէ:
Պ.- Հարկ է, որ պետութեան կողմէ ըլլայ հրաւէրը. Թուրքիոյ հասարակութենէն եւ մտաւորականութենէն ստացած նեցուկս զիս միշտ քաջալերած է: Մեր մտաւորականներուն կէսը վախկոտ է, իր գաղափարներուն հետ չ՛ապրիր:
Հ.- Այստեղ ալ կրնան ձեր դէմ բողոքողներ գտնուիլ, որոնք չեն ուզեր ազերիի մը հայուն օգնած ըլլալը…
Պ.- Կրնայ ըլլալ, եւ ճիշդ այդ պատճառով ըսի, թէ պետութիւնն է, որ զիս պէտք է հրաւիրէ: Խաղաղութեան հասնելու համար պետութիւնն է, որ պէտք է վերցնէ այս պատասխանատուութիւնը:
Հ.- Վերջին շրջանին պատմութիւն մը գրի առի՞ք:
Պ.- Ո՛չ, ինչպէ՞ս կրնայի. մարդ ինչպէ՞ս կրնայ աշխատիլ նման հոգեվիճակով, ինչպէ՞ս կրնայ նստիլ եւ գրել. նուազագոյն հանդարտութիւն եւ անդորրութիւն հարկաւոր է:
Հ.- Արդեօք մարդիկ գրականութեան ուժէ՞ն կը վախնան. լաւ գրուած պատմութեան մը գաղափարները յեղաշրջելու վա՞խն է այս բոլորին պատճառը:
Պ.- Ըստ էութեան այդպէս է, այլապէս այս պատահածները չէի ապրեր. ինծի դէմ ելլողներուն 99 տոկոսը, առանց կարդալու գիրքս, զայրացած է, որ «ազերիները վատ, իսկ հայերը լաւ» ներկայացուցամ եմ: Մինչդեռ գրութեանս մէջ ազերիները ներկայացուած են իբրեւ մեծահոգի ժողովուրդ, սակայն հայերը իրենց ուզածին չափ վատ չեն: Անոնց փափաքն է, որ հայերը միշտ վարնոց երեւին: Այսպիսի քարոզչութեամբ անկարելի է, որ սիրաշահինք Ղարաբաղի ժողովուրդը:
Հ.- Իրենց կարծիքով, դուք Խոջալուի համար չէ՞ք ցաւիր:
Պ.- Ես ինչպէ՞ս կրնամ չցաւիլ Խոջալուին համար. մարդ արարածը ինչպէ՞ս չի ցաւիր. սակայն ես այստեղ հայերու եւ ազերիներու վերաբերեալ տարբեր պատմութիւն մը գրեցի. այո՛, Խոջալուի պարագայ մը կայ, եւ հարց կու տան, որ ինչո՞ւ անոր մասին չեմ գրած. իմ գրածս ծառի մը մէկ ճիւղին, մէկ շերտին մասին է, իսկ ծառը նոյն ծառն է:
«Ռատիքալ»
25/2/2013
Հայացուց Գ. Կ.

