«Ազդակ»-ի Թղթակիցին Հաղորդած Տեղեկութիւնները` Պապ Շարքիի Պայթումներուն Մասին

Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ վերջին օրերուն հակառակ Դամասկոսի կեդրոնին մէջ խաղաղ իրավիճակին բախումներ կ՛արձանագրուէին արուարձաններուն մէջ եւ կը լսուէին թնդանօթի հարուածներու ձայներ Տարէա, Տումա, Պարզէ եւ այլ շրջաններու մէջ:

Երէկ մայրաքաղաքի հին հատուածի արեւելեան շրջանը ենթարկուեցաւ հրասանդի հրթիռներու հարուածներու, ուր Պապ Շարքի թաղամասի երկարութեան մօտ մէկ տասնեակ հրասանդի հրթիռներ ինկան, որոնց պատճառով նիւթական վնասներու կողքին զոհ գացին քանի մը քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան երկու տասնեակ ուրիշներ:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ վիրաւորներու շարքին արձանագրուեցան թեթեւ աստիճանի երկու հայ վիրաւորներ, որոնք տեղափոխուեցան հիւանդանոց` բուժում ստանալու համար: Անոնք պայթումներու ենթարկուած թաղամասի բնակիչներ եւ աշխատանոցի տէրեր են:

Պապ Շարքի շրջանին մէջ կը գտնուին հայ առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ անոր կից Ազգային Թարգմանչաց ճեմարանը: Առաջնորդ Արմաշ սրբազան Նալպանտեանի հաղորդմամբ, եկեղեցին եւ ճեմարանը չեն ենթարկուած հարուածի եւ կը շարունակեն իրենց աշխատանքի բնական ընթացքը:

Նոյնպէս երէկ հրասանդի հարուածի ենթարկուեցաւ նաեւ Տուելաաի շրջանը եւ Թըշրին մարզադաշտը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )