«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Միշտ Կը Մնայ Սուրիահայութեան Կողքին» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կիրակի, 10 մարտ 2013-ին, առաւօտեան սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս իր մօտ հրաւիրեց Լիբանան ժամանակաւորապէս հաստատուած սուրիահայերէն խումբ մը: Վեհափառ հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց կեցութեան ու գործին, ինչպէս նաեւ զաւակներուն կրթական կեանքին առնչուած հարցերով: Ան հրաւիրեց ներկաները, որ արտայայտուին իրենց ունեցած դժուարութիւններուն, մտահոգութիւններուն եւ կարիքներուն մասին:
Լսելէ ետք սուրիահայերուն մտահոգութիւնները` վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.
ա) Սուրիոյ տագնապին առաջին իսկ օրէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր Ազգային կեդրոնական վարչութեամբ, միաբանութեամբ եւ թեմերով եղաւ սուրիահայութեան կողքին: Մեր Ս. աթոռը միշտ պիտի մնայ այդպէս: Հանգանակութիւններ կազմակերպեցինք, որոշ գումար փոխանցեցինք. այս ընթացքը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ սուրիահայ մեր ժողովուրդը լուրջ կարիքներու դիմաց է:
բ) Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք մեր թեմերուն, գաղութներուն, անհատ ազգայիններուն, որոնք սիրով ընդառաջեցին սուրիահայութեան օժանդակելու Մեր կոչին: Այս առիթով նաեւ Մեր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը կ՛ուզենք յայտնել Հայաստանի պետութեան ու Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան` անոնց կատարած օժանդակութեան համար: Սուրիահայ գաղութը յատուկ կարեւորութիւն ունեցող գաղութ է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հետեւաբար, Մեր սպասումն է, որ օժանդակութիւնը սուրիահայութեան վերանորոգ թափով շարունակուի:
գ) Ինչպէս յաճախ շեշտած ենք, սուրիահայութեան ներքին միասնականութեան ամրապնդումը հրամայական է: Միասին ըլլալը, միասին խորհրդակցիլը եւ միասնաբար ծառայելը մեր ժողովուրդին առաջնահերթ տեղ պէտք է գրաւէ մեր կեանքին մէջ: Առանց խտրութեան պէտք է օժանդակել Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ կայք հաստատած եւ յատկապէս աջակցութեան կարիք ունեցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Գոհունակութեամբ կը հաստատենք, որ ա՛յս ոգիով կը գործեն մեր մարմինները Սուրիոյ մէջ:
դ) Սուրիահայութեան վերականգնումը համազգային առաջնահերթութիւն է: Վստահ ենք, որ այս գիտակցութեամբ պիտի շարունակեն գործել մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակներն ու մեր կառոյցները: Հայաստանի թէ Լիբանանի մէջ պայմաններու բերումով հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակները վստահաբար պիտի վերադառնան իրենց տուներն ու գործերը Սուրիոյ մէջ, անմիջապէս որ ապահովութիւնը վերահաստատուի»:
Ապա վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց լիբանանահայութեան, որ իր կարելին կը կատարէ օգտակար ըլլալու Լիբանան ապաստանած սուրիահայ ընտանիքներուն:

