Գլխաւորութեամբ Անգլիացի Դաշնակահար Օլիվըր Փուլի «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Աշակերտները Հետեւեցան Դաշնակի Մասնայատուկ Մասթըրքլասի
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` երկուշաբթի, 11 մարտ 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակի մասթըրքլաս` գլխաւորութեամբ անգլիացի դաշնակահար Օլիվըր Փուլի, որ Լիբանան կը գտնուի «Պուսթան» փառատօնին հրաւէրով: Յայտնենք, որ Փուլ անցնող չորեքշաբթի օր ունեցաւ համերգ մը, որուն եռեակին նաեւ մաս կը կազմէին ջութակահար Հրաչեայ Աւանէսեանն ու թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանը: Ան վաղը պիտի ունենայ մենահամերգ մը:
Մասթըրքլասի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Ճենտերեճեան, որ մեծապէս գնահատեց արուեստագէտ Փուլի գործունէութիւնը եւ արժեւորեց մասթըրքլասներու օգուտը: Ապա Օլիվըր Փուլ շուրջ երկու ժամուան ընթացքին աշխատեցաւ քոլեճի աշակերտներ Սարգիս Հալլաճեանի, Նարէ Աղասարգիսեանի, Կարօ Գրիգորեանի եւ Հենրի Իշխանեանի հետ` անոնց տալով նոր գիտելիքներ: Աշակերտները մեծապէս օգտուեցան դաշնակահարի փորձառութիւններէն:
Աւարտին Փուլ յայտնեց, որ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճը ունի բարձրորակ կրթական համակարգ եւ կատարուած աշխատանքը արժանի է քաջալերանքի: Ան ըսաւ, որ տարուած աշխատանքը առկայ պայմաններուն մէջ շատ դժուար է, սակայն արդիւնքը ակներեւ է: Դասընթացքը փակուեցաւ Փուլի կատարողութեամբ երաժշտական ստեղծագործութեան մը նուագով:

