Յաջորդական Չորրորդ Տարին Ըլլալով` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Պարախումբերը` Լեռնալիբանանի Ախոյեան
Շաբաթ, 9 մերտին, «Մոն Լա Սալ»-ի բեմայարդակին վրայ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երեք պարախումբերը մասնակցեցան Լեռնալիբանանի միջդպրոցական պարի մրցումին:
Արդարեւ, երկու ամիսներու վրայ երկարող փորձերէ ետք, քոլեճի երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու պարախումբերը, քոլեճի պարի դասատու Անի Կոստանեանի բծախնդիր ու հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ, անգամ մը եւս բեմ բարձրացան` հայ թէ օտար հանրութեան ներկայանալով արդի, արաբական եւ ռուսական պարերով:
Ճաշակաւոր ու իւրաքանչիւր պարին պատշաճ տարազներով, փոքրիկները` ներդաշնակ, համաչափ ու ճկուն շարժումներով եւ ժպտուն ու ուրախ դէմքերով հմայեցին ներկայ հանդիսատեսները` արժանանալով անոնց ջերմ ծափահարութիւններուն ու դատական կազմի բարձր նիշերուն:
Ուշագրաւ էր, որ հակառակ իրենց փոքր տարիքին, աշակերտները ինքնավստահ շարժումներով կը կատարէին նոյնիսկ բարդ «քորէոկրաֆի»-ներն ու պարային շարժուձեւերը:
Մրցանքի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Բաժակով վերադառնալը տարիներէ ի վեր արդէն աւանդութիւն դարձած էր մեր պարախումբերուն համար:
Երրորդ դասարանի պարախումբը` ռուսական պարով, հանդիսացաւ «երկսեռ-փոքր» պարախումբերու ախոյեան. Հինգերորդ դասարանի պարախումբը` արաբական «տապքէ» պարով, հանդիսացաւ «աղջկանց-փոքր» պարախումբերու ախոյեան. Իսկ չորրորդ դասարանի պարախումբը «Արդի-Ճեզ» պարով հանդիսացաւ երկրորդ:
Նշենք, որ քոլեճը միակ դպրոցն էր, որ մրցանքին մասնակցած էր երեք պարախումբերով եւ վերադարձած` երեք բաժակներով:
Վարձքը կատար պարուսոյցին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս աշխատանքին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

