Լեւոն Արոնեան Իր Խումբին Հետ Մեկնեցաւ Լոնտոն
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան երէկ իր խումբին հետ մեկնեցաւ Լոնտոն` մասնակցելու համար ճատրակի զտումի այն մրցաշարքին, որուն յաղթականը պիտի մրցի աշխարհի ախոյեան Վիշվանաթան Անանտի դէմ, որպէսզի ի յայտ գայ նոր ախոյեանին անունը:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ այս մրցաշարքէն առաջ Արոնեան աւարտեց եզրափակիչ եւ երկարատեւ ուսումնամարզական հաւաքը` Հայաստանի մէջ, որ կատարուեցաւ Ջերմուկի եւ Ծաղկաձորի մէջ:
Ֆետերասիոնին կայքէջը (armchess.am) նաեւ կը յայտնէ, որ Արոնեան ըսած էր, որ հաւաքը անցաւ շատ լաւ, եւ ինք բաւական մարզուած է, ինչ որ իրեն յոյս կը ներշնչէ, որ լաւ մրցում ցուցադրէ եւ դառնայ մրցաշարքին յաղթողը:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 15 մարտէն 1 ապրիլ:
Արոնեան, որ այս մրցաշարքին դասուած է առաջին, Ա. հանգրուանին ճերմակ քարերով պիտի մրցի նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի դէմ:
Մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Կելֆանտ, Իվանչուք, Սվիտլեր, Քրամնիք, Կրիսչուք եւ Ռաճապով:

