Գագիկ Ծառուկեան Վերընտրուեցաւ Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Նախագահ

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը նախորդ շաբաթավերջին ըսաւ, որ Գագիկ Ծառուկեան վերընտրուեցաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ: Ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին:

Քուէարկութեան բոլոր մասնակցողներն ալ իրենց ձայնը տուին Ծառուկեանին:

Փոխնախագահ վերընտրուեցան Ողիմպիական ախոյեան Օգսէն Միրզոյեան, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան եւ Վահրամ Առաքելեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )