«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերահսկող Խորհուրդին Կազմութիւնը Պիտի Չվաւերացուի» Շեշտեց Պըրրի

Շարպել եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ տակաւին առիթ կայ ընտրական օրէնքին առնչութեամբ համախոհութիւն մը գոյացնելու: Ան նշեց, որ ժամանակի առումով մինչեւ ապրիլ կարելի է սպասել` կազմակերպելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնք պիտի կայանան յառաջիկայ յունիսին:

Պըրրի յայտնեց, որ ինք չ՛աճապարեր  խորհրդարանը լիագումար նիստի մը հրաւիրելու` վաւերացնելու համար Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը, իսկ եթէ կարելի չըլլայ մինչեւ ընդունելի ժամկէտի մը սեմին ընտրական համախոհական օրինագիծի մը յանգիլ, ապա այդ հանգրուանին համապատասխան քայլերուն կը դիմուի:

Պըրրի շեշտեց, որ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող խորհուրդին կազմութիւնը պիտի չվաւերացուի, որովհետեւ անիկա մեռեալ օրէնքին մէկ մասը կը նկատուի` աւելցնելով, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը մէկ անգամ կիրարկուելու պայմանով գործադրուած էր:

«Եթէ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող խորհուրդին կազմութեան առաջարկը կառավարութեան ներկայացուի, ապա նախարարաց խորհուրդին մեծամասնութիւնը անոր դէմ պիտի քուէարկէ», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, որ ինք ոչ միայն կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահին այն յայտարարութեան, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է 95 առ հարիւրի համեմատութեամբ կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, այլ` ինք այդ համեմատութիւնը կ՛աւելցնէ 5 առ հարիւրով եւ կը հաստատէ, որ ընտրութիւնները հարիւր առ հարիւր պէտք է կատարել իրենց ճշդուած թուականին, որովհետեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը աշխուժութիւն է:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES