Եւրոպայի Մէջ Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատելու Իսրայէլեան Ջանքեր
Մինչ իսրայէլեան օդուժը կը շարունակէ խախտել Լիբանանի օդային սահմանները եւ ոտնձգութիւններ գործել երկրին գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին թիւ 1701 բանաձեւին դէմ, իսրայէլեան իշխանութիւնները անխոնջ կ՛աշխատին Եւրոպայի մէջ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ ներառելու:
Այս շրջագիծին մէջ, իսրայէլեան գաղտնի սպասարկական «Տեպքա» կայքէջը կը հաստատէ, որ ամերիկեան աղբիւրներ հաստատած են, որ Հըզպալլա կրցած է ձեռք ձգել սուրիական քիմիական զէնքեր:
Իր կարգին, Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես Պելճիքա կատարած իր այցելութեան ընթացքին շեշտեց Հըզպալլան զսպելու անհրաժեշտութիւնը:
Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարոսոյի հետ հանդիպումին ընթացքին Փերես անոր ըսաւ, թէ Հըզպալլա պատասխանատու է ահաբեկչական կարգ մը գործողութիւններու եւ կարելի չէ արտօնել անոր` շարունակել իր ահաբեկչական արարքները:
Փերես նշեց նաեւ, որ Հըզպալլա միջամուխ կ՛ըլլայ նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ ան պատասխանատու է մեծ թիւով սուրիացիներու սպանութեան:
Իր կարգին, Պարոսօ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու քննարկումը հաւանական է, յատկապէս նկատի ունենալով Պուլկարիոյ Պուրկաս շրջանին մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնը: