Բաց Գործադուլը 21-րդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակուի. Երէկ «Օժերօ»-ի Դիմաց, Այսօր` Կրթութեան Նախարարութեան
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ 21-րդ օրն ըլլալով շարունակեց իր բաց գործադուլը, որուն շրջագիծին մէջ ան «Օժերօ»-ի դիմաց կատարեց նստացոյց մը, որուն ընթացքին որոշ ժամանակի համար փակուեցաւ Մարզական աւանի ճամբան:
Պիր Հասանի մէջ տեղի ունեցած նստացոյցին միացան նաեւ շրջանի դպրոցներուն աշակերտներն ու ուսուցիչները:
Նստացոյցին ընթացքին արտասանուած խօսքերուն ընդմէջէն Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նստացոյցը պիտի կատարուի կրթութեան նախարարութեան դիմաց:
«Բոլորդ պիտի վկայէք, որ ծնողները, աշակերտներն ու ուսուցիչները պիտի մասնակցին նստացոյցին, որպէսզի մեծաթիւ մասնակիցները լիբանանցիներուն յայտնեն, որ իրենք եւս կը զօրակցին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պահանջին», ըսաւ Ղարիպ:
Ան հաստատեց, որ այսօր բացառիկ օր մը պիտի ըլլայ, իսկ յառաջիկայ 21 մարտը պիտի ըլլայ դէպի Պէյրութ բացառիկ հոսքի օրը` կառավարութեան գումարելիք նիստին զուգահեռ:

