Ժոմպլաթ. «Խառն Ընտրական Օրէնքը Կը Յստականայ Յառաջիկայ Երկու Օրերուն, Իսկ Զօր. Աունի Հետ Յարաբերութիւն Չունինք»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ընտրական համախոհական օրինագիծի մը յանգելու նպատակով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` յանգելու համար լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հաւանութիւնը վայելող ընտրական օրէնքի մը:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ խորհրդակցութիւնները կ՛ընթանան մէկ կողմէ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ, իսկ միւս կողմէ` իր եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի հետ խորհրդակցութիւնները իրենց կարգին առկայ են, «իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ յարաբերութիւն չունինք», աւելցուց Ժոմպլաթ:

Ժոմպլաթ նախատեսեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մշակելիք խառն օրինագիծը արժանանայ Մուսթաքպալ հոսանքին, Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի հաւանութեան, որոնք իրենց կարգին այդ օրինագիծը պիտի ներկայացնեն իրենց դաշնակիցներուն: Ան նշեց, որ ընտրական խառն օրինագիծը յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին պիտի յստականայ:

Նշենք, որ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )