Վարչապետը Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Յատուկ Նիստի Մը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ բարձրաստիճան զինուորականներ:
Նիստէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նոյն հարցով այսօր կէսօրէ առաջ պիտի գումարուի նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի շարունակուին քննարկումները:
Պատասխանելով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թիւին մասին հարցումի մը` Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ անոնց թիւերը շատ աւելի են, քան ինչ որ արձանագրուած է ՄԱԿ-ին մօտ:
Նշենք, որ «Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի իր այցելուներուն ներկայութեան յայտնած է, որ կառավարութեան կազմուած օրէն իսկ անոր հրաժարման եւ ձախողութեան վրայ գրաւ կայ: Ան նշեց, որ այդ մտածումները մինչեւ օրս ոմանց մտքերուն, յոյսերուն եւ երեւակայութեան մէջ են:
Վարչապետ Միքաթի կը նշէ նաեւ, թէ հակառակ կառավարութեան թերրի աշխատանքին, ինք տակաւին համոզուած է, որ երկրին վարչապետը ըլլալու իր իրականութիւնը երկրին օգտակար է եւ կը պահպանէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: «Հետեւաբար, ես պիտի շարունակեմ մնալ իմ առաքելութեանս վրայ եւ ստանձնել պատասխանատուութիւններս, որքան ալ հսկայ ըլլան ներքին եւ արտաքին փոթորիկներն ու վնասները», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:
Իր հրաժարականին մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ հրաժարականի կարիք չկայ, որովհետեւ ինք իր պաշտօնին կառչած չի մնար, «բայց եւ այնպէս ես զգայուն պահերուն պատասխանատուութիւններէս փախուստ չեմ տար եւ կը հաւատամ, որ գոյութիւնս տակաւին անհրաժեշտ է: Նախ եւ առաջ պէտք է համախոհական ընտրական օրէնք մը մշակել, ապա ըստ այնմ կ՛որոշուի ամէն բան», ընդգծեց վարչապետը:
Միւս կողմէ, Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետին հրաժարականը պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումին հետ կապելը մեծ սխալ է:
Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ 51 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ չ՛ընդգրկեր պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումին թղթածրարը:


