Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն
Ամերիկեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի օգնականի տեղակալ Լորընս Սիլվըրմենը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի, երէկ այցելեց իշխանութեան երեք պետերուն:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց ամերիկեան պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Սիլվըրմեն ընդգծեց Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան վարչակազմին զօրակցութիւնը, յատկապէս բանակին նկատմամբ ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները շարունակելու յանձնառութիւնը:
Սիլվըրմեն շեշտեց, որ Ուաշինկթըն ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ մղելու, որ Քուէյթի խորհրդաժողովին Լիբանանի օժանդակութիւն խոստացած երկիրները լիբանանեան իշխանութիւններուն իրենց խոստացած գումարները յանձնեն, որպէսզի Պէյրութ կարենայ հոգալ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ բնական կազի եւ քարիւղի պեղման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ այս մարզին մէջ առաջարկուեցաւ ամերիկեան օժանդակութիւնը:
Ամերիկեան պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին կացութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի հարստութեան թղթածրարը:
Ամերիկեան պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:


