Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

Զօր. Քահուաժի եւ Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովութեան վերաբերող հարցեր:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց բանակին, որ ստանձնած է երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը ապահովելու առաքելութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES