Նախագահ Սլէյման Այսօր Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կ՛ուղղուի Ափրիկէ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր կը սկսի դէպի Ափրիկէ պաշտօնական այցելութիւն մը, որ կը տեւէ մինչեւ յառաջիկայ 21 մարտ:
Նախագահ Սլէյմանի կատարելիք այցելութիւնը կ՛ընդգրկէ չորս երկիրներ, որոնք են Սենեկալը, Փղոսկրեայ ափունքը, Կանան եւ Նիկերիան:
Լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմող աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյմանի ափրիկեան շրջապտոյտը շատ կարեւոր կը նկատուի, այնպէս ինչպէս էր պարագան, երբ ան այցելեց Հարաւային Ամերիկայի երկիրներ, ուր 60 տարիէ ի վեր լիբանանցի նախագահ մը չէր այցելած:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ նախագահ Սլէյմանի ափրիկեան ցամաքամաս կատարելիք այցելութիւնը միայն լիբանանեան գաղութները այցելելու նպատակով պիտի չկատարուի, այլ մղուելով այն իրականութենէն, թէ ափրիկեան երկիրները սկսած են կազմել տնտեսական շատ կարեւոր ազդակ մը` պարփակելով նաեւ ներդրումի լայն առիթներ:
Նախագահ Սլէյմանի պաշտօնական այցելութեան ընթացքին պիտի սերտուին Ափրիկէի հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները հաստատելու եւ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ քննարկեց Նիկերիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն եւ զանոնք ազատ արձակելու վերաբերող հարցեր:
Հանրապետութեան նախագահը Պաապտայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց ընտրական արդիական օրինագիծ մը մշակելու կարելիութիւնները:
Նախագահ Սլէյման հերթաբար ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին, որոնց հետ քննարկեց բանակին վերաբերող հարցերը:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ Պելճիքայի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատա, Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Նաժըմ, Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտել Սաթթար Իսա եւ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Հաժ Ալի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման հաստատեց Լիբանանը շրջանային տագնապներէն չէզոք պահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն եւ արտաքին աշխարհին հետ գործակցութեան ամրապնդումը: