Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը Սկսաւ Քննել Րաֆֆի Յովհաննէսեանի Դիմումը
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը երէկ սկսաւ 18 փետրուարին նախագահական ընտրութեան պաշտօնական արդիւնքները վիճարկելու մասին Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի դիմումի քննութիւնը` բանաւոր ընթացակարգով: Սահմանադրական դատարանը նաեւ աշխատակարգային որոշում տուած է միաւորելու Յովհաննէսեանի եւ նախագահի այլ թեկնածուի մը` Անդրէաս Ղուկասեանի դիմումներու հիման վրայ գործերը, քանի որ անոնք կը վերաբերին նոյն հարցին, եւ զանոնք քննելու դատարանի նոյն նիստին ընթացքին:
Դատարանը լսեց Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ներկայացուցիչներուն: Անոնք իրենց դիմումին մէջ կը վկայակոչեն Սերժ Թանգեանին գրած նամակին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի միտքերը, որ ինք կազմակերպած է ընտրութիւնները: Անոնք նշեցին նաեւ, որ պաշտօնական արդիւնքներով յաղթած թեկնածուի հիմնադրամի նախընտրական ծախսերը գերազանցած են սահմանուած 100 միլիոնը, ինչ որ պէտք է հիմք տար Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին` դիմելու դատարան թեկնածուի արձանագրութիւնը անվաւեր ճանչնալու համար:
Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ներկայացուցիչները Սահմանադրական դատարանին մէջ պնդեցին, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը անգործութիւն ցուցաբերած է: Անոնք պնդեցին նաեւ, որ չկայ հանրապետութենէն բացակայողներու եւ ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցողներու վերահսկողութիւն: Անոնք նշեցին, որ չի հրապարակուիր քուէարկութեան մասնակցած անձերու ցուցակը:
Անոնք կասկած յայտնեցին, որ եղած են ուրիշի փոխարէն քուէարկութիւններ, քուէատուփերը լեցնելու դէպքեր, ուղղորդուած քուէարկութիւն:
«Ընտրութիւններու կազմակերպման ընթացքին հասարակութեան մէջ տիրող անվստահութեան, ընտրութիւններու արդիւնքներու կանխորոշուածութեան, համակարգային բնոյթ ունեցող բազմաթիւ ընտրախախտումներու առկայութեան պայմաններուն մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքները արժանահաւատ չեն, հանրութեան կողմէ իբրեւ այդպիսին չեն ընդունուիր եւ անվստահութիւն եւ լարուածութիւն կը յառաջացնեն», դատարանին մէջ յայտարարեց Յովհաննէսեանի ներկայացուցիչներէն Կարէն Մեջլումեան:
Սահմանադրական դատարանի անդամները կը պահանջէին փաստեր, օրինակ` ինչո՞ւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ընտրութիւններու արդիւնքը չէ վիճարկած Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին մէջ:
Թեկնածուին ներկայացուցիչը յայտնեց, որ ընտրախախտումներէն շատերը ի յայտ կու գան արդիւնքներու յայտարարութենէն ետք: «Օրինակ, քուէատուփերը լեցնելու պարագային շատ պարագաներու կարելի չէ ատիկա պարզել»:
Սահմանադրական դատարանի անդամներէն մէկը արձագանգեց, որ արդեօք Սահմանադրական դատարանը կրնա՞յ ենթադրութիւններու հիման վրայ որոշում տալ:
Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ներկայացուցիչներէն Զարուհի Փոստանջեան այս առիթով յայտնեց, որ Սահմանադրական դատարանի անդամը ոչ թէ հարց կու տայ, այլ կարծիք կ՛արտայայտէ:
Յովհաննէսեան. «Նախագահի Նստավայրը Կը Ստէ»
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ նախագահին նստավայրը կը «ստէ»` ըսելով, որ ինք մերժած է Սերժ Սարգսեանի հանդիպման առաջարկը:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահի բանբեր Արմէն Արզումանեան յայտարարած էր, որ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը հեռաձայնած է Յովհաննէսեանին` հանդիպման պաշտօնական հրաւէրը փոխանցելու համար:
«Մենք ափսոսանքով կ՛արձանագրենք պարոն Յովհաննէսեանի մերժումը` հանդիպելու եւ մանրամասն ու համակողմանի քննութիւն կատարելու բոլոր հարցերուն շուրջ: Մեզի կը մնայ միայն յուսալ, որ Յովհաննէսեան ճիշդ գնահատած է իրավիճակը եւ սթափ կը գիտակցի երկխօսութեան տէ ֆաքթօ մերժման ճամբուն վտանգները», յայտնած էր Արմէն Արզումանեան:
Մինչդեռ Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը կը պնդէ, որ այս յայտարարութիւնը սուտ է եւ ինք չէ մերժած որեւէ հանդիպման կամ հաղորդակցութեան առաջարկ: Ան նշեց, որ ինք համաձայն է բաց քննարկման` ներկայ համազգային տագնապը յաղթահարելու համար:
Սահմանադրական դատարանին մէջ ընտրութիւններու արդիւնքը վիճարկող թեկնածուն նշեց, որ նախապէս պատրաստակամութիւն յայտնած էր մեկնելու նախագահին նստավայրը եւ լսելու Սերժ Սարգսեանի առաջարկները, բայց իրեն չհրաւիրեցին: Եւ միայն նախանցեալ օր հացադուլի մասին յայտարարութեան յաջորդեց նախագահի գրասենեակ այցելելու հրաւէրը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ներկայ ճգնաժամային իրավիճակին մէջ պիտի մեկնի՞ նախագահին նստավայրը, Յովհաննէսեան նշեց, որ ինք պիտի մեկնի միայն իբրեւ ընտրուած նախագահ:
Անդրադառնալով Սահմանադրական դատարանին մէջ իր դիմումի քննարկման` Ժառանգութեան առաջնորդը յայտնեց, որ եթէ իր դիմումը գոհացում չստանայ, ապա ինք մինչեւ 9 ապրիլ Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի մնայ: «9 ապրիլին այս երկարատեւ երկունքէն ետք պիտի ծնի նոր Հայաստանը», ընդգծեց Յովհաննէսեան:
Ասուլիսին ընթացքին Րաֆֆի Յովհաննէսեան անգամ մը եւս հնչեցուց իր պահանջները` «ճանչնալ ժողովուրդին յաղթանակը կամ նոր ընտրութիւններ կատարել»:


