Թուրք Երեսփոխան Մը Խորհրդարանին Դիմած Է` Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայ Գաղթականներու Խնդիրը Ուշադրութեան Արժանացնելու Պահանջով
«Ակօս» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Սեզկին Թանրըքուլու Թուրքիոյ խորհրդարանին դիմած է` պահանջելով ուսումնասիրել հայ գաղթականներու խնդիրները եւ զանոնք լուծել:
Թանրըքուլուի եւ անոր կուսակից ընկերներուն կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուած միջնորդութեան մէջ կը նշուի, որ խորհրդարանը պատասխանատու է ոչ միայն սեփական երկրի քաղաքացիներուն, այլ նաեւ երկրին մէջ ապրող որեւէ մարդու խնդիրներուն լուծումներ փնտռելու:
«Վարչապետ Էրտողանի խօսքով` մեր երկրին մէջ շուրջ հարիւր հազար հայ գաղթական կայ. ատիկա լուրջ թիւ է: Եւ եթէ այդքան մարդու` Թուրքիոյ մէջ ըլլալն ու աշխատիլը մեր երկրի հիւրընկալութեան վկայութիւնն է, ապա այդ մարդոց խնդիրները ուսումնասիրելն ու անոնց լուծում գտնելը խորհրդարանի պարտականութիւնն է», ըսուած է ներկայացուած նամակին մէջ:
Թանրըքուլու յիշեցուցած է Թուրքիոյ մէջ անօրէն կերպով բնակող Նարինէ Մկրտչեանի հետ տեղի ունեցած միջադէպը, երբ վերջինս իրենց դրացի եղբայրներու թակարդը ինկած էր, շանթաժի ենթարկուած, ապա անձնասպան եղած:
«Կ՛ենթադրենք, որ Նարինէ Մկրտչեանի ողբերգութեան նման դէպքեր ապրած շատ մարդիկ կան: Մկրտչեանի անձնասպանութիւնը այնպիսի ողբերգութիւն է, զոր կարելի չէ շրջանցել: Մեր երկրին մէջ բնակող, սակայն Թուրքիոյ քաղաքացի չեղող մարդիկ, որոնց շարքին` գաղթական հայերը, շատ խնդիրներ ունին եւ մեր նպատակը այդ խնդիրները լուծելն է», ըսած է ան:


