Մամլոյ Յայտարարութիւն. Շնորհակալութիւն` Լիթուանիոյ Խորհրդարանի Անդամներուն

Լիթուանիոյ խորհրդարանին մէջ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան

26 փետրուար 2013-ին Լիթուանիոյ խորհրդարանի (Սէյմաս) ինը երեսփոխաններ հրապարակեցին հռչակագիր մը` երկրի խորհրդարանին մէջ Արցախի Հանրապետութեան հետ  բարեկամութեան խումբի ստեղծման իրենց որոշումին մասին:

Սոյն հռչակագիրի հրապարակումէն անմիջապէս ետք, Ազրպէյճանի կողմէ սոյն երեսփոխաններուն վրայ սկսան բանեցուիլ  շատ մեծ ճնշումներ, որպէսզի յետս կոչեն իրենց որոշումը: Ինը երեսփոխաններն ալ` տիկիններ Տալիա Քուոտիթ, Տանկութ Միքութիեն, Ալմա Մոնքաոաքայիթ, Վինս Վայտեվույ Մարկեվիսիեն, Օրինթա Լէյփութ եւ պարոններ` Քեսթութիս Մասիուլիս, Ալկիս Քասեթա, Փրովիլաս Ուրպսիս, հաստատ կը մնան իրենց նախաձեռնութեան վրայ:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակը, հռչակագիրի հրապարակումէն անմիջապէս ետք, յատուկ գրութեամբ շնորհաւորեց ինը երեսփոխանները` քաջալերելով, որ շարունակեն իրենց որոշումի գործադրման աշխատանքները եւ անտեսեն Ազրպէյճանի անբարոյ եւ անարժէք ճնշումներն ու սպառնալիքները: Եւրոպացի երեսփոխաններ եւս սկսած են ղրկել զօրակցութեան նամակներ ինը երեսփոխաններուն: Ասոնցմէ առաջինն է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ, Կիպրոսէն երեսփոխան բժշկուհի Էլենի Թէոքարուս:

«Լիթուանիոյ Խորհրդարանի ինը երեսփոխաններու այս նախաձեռնութիւնը` բարեկամութեան խումբ մը հիմնելու Արցախի Հանրապետութեան հետ, օրինակ պէտք է ծառայէ քաղաքական բոլոր այն անձերուն, որոնք մնայուն կերպով կը քարոզեն մարդկային իրաւունքներու պահպանութեան եւ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի մասին, բայց անոնց մեծամասնութեան համար, յաճախ պետական կարճաժամկէտ կամ անձնական շահը եւ ուժանիւթի աղբիւրները, ըստ երեւոյթին, աւելի ծանր կը կշռեն, քան մարդկային հիմնական վեհ արժէքները», շեշտեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

 

Share this Article
CATEGORIES