ԵՄԷՆԻ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԾՈՑԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵՆԷՆ ՔԱԹԱՐԻ ՔԱՇՈՒԻԼԸ

Եմէնի իշխող կուսակցութիւնը ողջունեց Եմէնի տագնապի լուծման Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութենէն Քաթարի քաշուիլը եւ զայն ամբաստանեց Եմէնի մէջ դէպքերը «սադրելով»:

Կուսակցութենէն պատասխանատու աղբիւր մը եմէնեան լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ժողովրդային ընդհանուր համագումար կուսակցութիւնը «ջերմօրէն կ՛ողջունէ» նախաձեռնութենէն քաշուելու Քաթարի որոշումը: Ան յայտնեց, որ Եմէն պատրաստ է նախաձեռնութիւնը դրական կերպով ընկալելու, առանց մեծն Քաթարի, որ ոչ միայն Եմէնի դէպքերուն, այլ նաեւ ընդհանրապէս արաբական շրջանի դէպքերուն սադրութեան մեղսակից է»:

Նշենք, որ Եմէնի նախագահի համակիրներն ու հակառակորդները, ըստ սովորութեան, երէկ` ուրբաթ օրուան նամազէն ետք բազմամարդ հաւաքներ կատարեցին: Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ իր համակիրներուն առջեւ խօսք առնելով` ընդդիմադիր կուսակցութեանց կոչ ուղղեց` «կրակի հետ խաղալը» դադրեցնելու եւ յայտարարեց. «Մարտահրաւէրը մարտահրաւէրով պիտի դիմակայենք»:

 

Share this Article
CATEGORIES