ՌՈՒՍԻԱ 70 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԱՐԺՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱՆՑԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ռոսոպորոնէքսփորթ»ի ներկայացուցիչ Անաթոլի Աքսենով յայտարարած է, թէ Ռուսիա Թուրքիոյ փոխանցած է «Քորնեթ-Ի» տիպի հակահրասայլային պաշտպանութեան համակարգեր:
«Ռուսիան աւարտած է Թուրքիոյ «Քորնեթ-Ի» տիպի հակահրասայլային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարումը: Պայմանագիրը ստորագրուած էր երկու տարի առաջ: Ներկայ պահուս ռուսական կողմը ամբողջութեամբ իրականացուցած է պայմանագիրով նախատեսուած կէտերը: Բացի այդ, թրքական կողմը որեւէ դժգոհութիւն չէ արտայայտած հակահրասայլային պաշտպանութեան համակարգերու որակի առնչութեամբ», ըսած է Աքսենով:
«Ճիհան», ռուսական մամուլը վկայակոչելով, կը տեղեկացնէ, որ պայմանագիրի ընդհանուր արժէքը կազմած է շուրջ 70 միլիոն տոլար:
CATEGORIES Միջազգային