ԸՍՏ «ՔՈՒՏՍ ԱՐԱՊԻ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ. ԹՈՒՐՔ- ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ ԴԷՊԻ ԽԶՈՒՄ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻՆ
Բրիտանիոյ մէջ լոյս տեսնող «Քուտս Արապի» օրաթերթը 13 մայիսի իր թիւին մէջ լոյս տեսած, «Սուրիա եւ Թուրքիա` ռազմավարական դաշնակցութենէն դէպի խզում» խորագիրով խմբագրականին մէջ կը գրէ, որ «թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները երկու ամսուընէ նուազ ժամանակի մը ընթացքին, ռազմավարական բացարձակ դաշնակցութենէ ուղղուեցան դէպի գրեթէ ամբողջական խզում» սուրիական քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց պատճառով:
Օրաթերթը կը նշէ, որ սուրիական իշխանութիւնները կ՛ուզեն, որ Թուրքիան եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը իրենց կողքին կանգնի` ընդդէմ ժողովրդային ըմբոստութեան. ուստի անոնք խիստ զայրացան, երբ Էրտողան ըմբոստութեան կողքին կանգնեցաւ, եւ ոչ միայն բարեփոխութեանց զօրակցեցաւ, այլ նաեւ նախագահ Պաշշար Ասատը քննադատեց ըմբոստութեանց յառաջացումէն առաջ բարեփոխումներու ձեռնարկած չըլլալուն համար: «Եւ սուրիական պետական զայրոյթը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Անգարա սուրիական ընդդիմութեան Ընդհանուր ժողով մը հիւրընկալեց», կը գրէ օրաթերթը:
«Երբ պրն. Էրտողան կ՛ըսէ, թէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կը դիտէ Թուրքիոյ ներքին կացութեան տեսանկիւնէն, եւ մինչեւ իսկ կը նշէ, թէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը գրեթէ թրքական ներքին հարց մըն է, կը նշանակէ, թէ այդ մէկը զգուշացում մըն է, զոր սուրիական ղեկավարութեան կողմէ կը թերագնահատուի», կը գրէ «Քուտս Արապի»: