«ՍԱՌԵՑՈՒԱԾ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՌԱՍՄՈՒՍԵՆ
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան հարցը ՕԹԱՆ-ի համար շատ կարեւոր է:
Միացեալ Նահանգներ այցելող Ռասմուսեն «սառեցուած հակամարտութիւնները» Կովկասի անվտանգութեան կարողական սպառնալիք նկատած է: Ան նշած է, թէ ՕԹԱՆ-ն ու անոր դաշնակիցները, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան, կը փորձեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատել:
«Սպառնալիքներու ճնշման միակ ուղին պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու սերտ համագործակցութիւնն է: Մենք լայն կարելիութիւններ ունինք անվտանգութեան ապահովման համար, ոչ միայն Եւրոպայի, այլ նաեւ` եւրոատլանտեան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ, որոնց շարքին` Կովկասի մէջ: Միացեալ Նահանգներ կրնան այդ գործընթացի առաջատար ուժը դառնալ», ըսած է Ռասմուսըն: