ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԻՆԹԻՖԱՏԱՅԻՆ

Եգիպտական քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններէ հազարաւոր քաղաքացիներ երէկ հաւաքուեցան Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ: «Ազգային միասնականութեան եւ քաղաքացիի ապահովութեան ուրբաթ» նշանաբանը ունեցող հաւաքին ընթացքին բարձրացուած էին եգիպտական, պաղեստինեան, ինչպէս նաեւ արաբական շարք մը երկիրներու դրօշներ:

Հաւաքին մասնակիցները պաղեստինեան ինթիֆատային, միջպաղեստինեան հաշտութեան եւ ազգային միասնականութեան ի նպաստ կարգախօսներ բացագանչեցին: Ուշագրաւ երեւոյթ էր այն, որ քաղաքացիներու հատուածական պահանջներուն վերաբերող պաստառներուն թիւը նկատելի կերպով նուազած էր: Նշենք, որ հաւաքին մասնակիցները նաեւ դատապարտեցին վերջերս ղպտիական եկեղեցիներուն դէմ կատարուած յարձակումները:

 

Share this Article
CATEGORIES