ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄ ՄԸ 80 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

Փաքիստանցի թալեպաններ երէկ Հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի մէջ կիսազինուորական ուժերու ակադեմիոյ մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն կատարելով` 80 զոհ պատճառեցին: Անոնք խոստացան Պըն Լատենի սպանութեան վրէժը լուծելու համար յաւելեալ յարձակումներ գործել:

Թալեպաններու բանբեր Էհսանուլլա Էհսան յայտնեց, որ գործողութիւնը Պըն Լատենի «նահատակութեան» համար վրէժխնդրական արարք մըն է: Գործողութիւնը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Իսլամապատէն 135 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Չարսատտա քաղաքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES