ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «ՈՒԱԹԱՆ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ
Թուրք-սուրիական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան նշաններ սկսած են ի յայտ գալ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ սուրիական վարչակարգին ուղղուած այն ամբաստանութիւններէն ետք, թէ իշխանութիւնը ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժ կը կիրարկէ եւ զանոնք կը սպաննէ:
Էրտողան ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հակազդեց սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած, Թուրքիան տողատակի քննադատող յօդուածին: Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար մերժել «խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատման` իր ժողովուրդի կարեւոր պահանջները», եւ որ ան պէտք է ժողովրդավարական անմիջական քայլերու ձեռնարկէ, որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան ընթացքը «ետդարձի ճամբայ չունի»:
Էրտողան նշեց, որ իր երկիրին համար Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը թրքական «ներքին հարցի մը նման» է, որովհետեւ Սուրիոյ հետ 800 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման մը ունի, եւ պետութիւններուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին: Ան յայտնեց, թէ Ասատ իրեն մտերիմ բարեկամն է եւ անոր հետ ընտրական համակարգի փոփոխութեան, բազմակուսակցական դրութեան հաստատման եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման շուրջ «երկարատեւ զրոյց» մը ունեցած են:
Էրտողան ըսաւ, որ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Սուրիոյ մէջ ցոյցերու սկիզբէն առաջ սուրիական կառավարութեան առաջարկած է ժողովրդավարական աշխատելաոճի մարզուիլ` աւելցնելով. «Մեր մօտ ուղարկեցէք ձեր անձնակազմերը, կրնանք զանոնք մարզել եւ մեր կուսակցութեան գործելակերպը ցոյց տալ»: Ան նշած է, որ իրենք կրնան սորվեցնել, թէ «քաղաքական կուսակցութիւն մը ինչպէ՛ս կը կազմակերպուի» եւ ինչպէս ժողովուրդին հետ յարաբերութիւններ պէտք է հաստատել, սակայն իր առաջարկին չէր ընդառաջած սուրիական կողմէ, «եւ այսպիսով դժբախտաբար հոս հասանք»:
Բայց եւ այնպէս, Էրտողան յայտնեց, որ կը հաւատայ, թէ Ասատ հարկ եղած միջոցառումները պիտի որդեգրէ, եւ աւելցուց. «Սուրիա տուած իմ իւրաքանչիւր այցելութեանս ընթացքին տեսայ Պաշշար Ասատի նկատմամբ ժողովուրդին սէրը, իսկ վերջնական որոշումը սուրիացի ժողովուրդին կը պատկանի»:
Նշենք, որ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հինգշաբթի օր լոյս տեսած իր թիւով Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնն ու անոր կատարած վերջին յայտարարութիւնները աճապարանքով եղած եւ չմտածուած նկատած էր, իսկ թրքական բնորդը Սուրիոյ մէջ լուրջ քննութեան կ՛ենթարկուի: