Պըրրի Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Փաուլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Մահմուտ Պըրրիի:

Հանդիպումէն ետք Փաուլի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Ան գնահատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը` սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութիւն յատկացնելու պատասխանատուութեան իմաստով:

Փաուլի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է գործադրել նաեւ Քուէյթի խորհրդաժողովին որոշումները:

Ֆրանսացի դեսպանը նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերը:

Փաուլի նշեց, որ ընտրութիւնները զուտ լիբանանեան թղթածրար են եւ այս հարցին իրենք չեն փափաքիր միջամուխ դառնալ: «Մենք պարզապէս կոչ կ՛ուղղենք ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին եւ բարձր կը գնահատենք Պըրրիի կողմէ ու հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ ի գործ դրուող ջանքերը` յանգելու համար համախոհական ընտրական օրինագիծի մը», ըսաւ Պըրրի:

Պըրրիի այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց լոյսին տակ ան շեշտեց, թէ ընտրական որեւէ օրէնք պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխըմբռնումի սկզբունքին վրայ:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի:

 

Share this Article
CATEGORIES