Զօր. Աուն. «Ուղղափառ Հանդիպումին Մշակած Ընտրական Օրինագիծը Արգելակող Կողմերը Պատասխանատու Են Երկրին Անիշխանութեան»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահութեամբ երէկ կէսօրէ ետք համախմբումը իր ընթացիկ նիստը գումարեց Ռապիէի մէջ:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան պետական գանձարկղին ձեռք երկարող պատասխանատուները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուին:
Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է անպայման պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն վերաբերող աշխատավարձի յաւելումները կատարուին:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ այն պատասխանատուները, որոնք կը մերժեն վաւերացնել Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը, պատասխանատու են երկրին մէջ տիրող անիշխանութեան:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն, որ հաստատեն, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը առկայ է` կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ այդ երկարաձգումը մերժելի է: