Ապահովական Շարք Մը Միջադէպեր` Լիբանանի Մէջ
Շթորայի մէջ երէկ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ թմրեցուցիչի մաքսանենգութիւն կատարող խմբակ մը հալածելու ընթացքին արձանագրուեցաւ փոխադարձ կրակոց` ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ հալածուող մաքսանենգներուն միջեւ. կրակոցին ընթացքին սպաննուեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներէն Ա. (Աւագ) յիսնապետ Միշել Մաալուֆ եւ վիրաւորուեցաւ ուրիշ մը:
Նշենք, որ փոխադարձ հրացանաձգութեան ընթացքին վիրաւորուեցաւ նաեւ Ալի Եաղի, որ կը գտնուէր մաքսանենգները փոխադրող ինքնաշարժին մէջ եւ փոխադրուեցաւ Զահլէի Լիբանանեան-ֆրանսական հիւանդանոցը:
Աւելի ուշ լիբանանեան բանակը ձերբակալեց միջադէպին մեղսակից Ալի Եաղին:
Պուտայի Հովիտին Մէջ
«Քեփթակոն» Դեղահատեր
Ներքին ապահովութեան ուժերու թմրեցուցիչի մաքսանենգումի դէմ պայքարող գրասենեակը երէկ Պուտայի հովիտին մէջ գրաւեց մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազար չորս հարիւր «Քեփթակոն» դեղահատ, որոնք զետեղուած էին 12 տոպրակներու մէջ:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ 5 միլիոն տոլարի արժողութեամբ «Քեփթակոն» դեղահատերուն սեփականատէրերը բացայայտելու նպատակով բացուած հետաքննութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է:
Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումներ
Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան եւ երէկ մինչեւ կէսօր արձանագրուեցան զինեալ սաստիկ բախումներ` Ֆաթհի եւ Պատր կոչուող զինեալ նոր խմբաւորումի մը միջեւ: Բախումներուն պատճառով սպաննուեցաւ պաղեստինցի մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցան ուրիշներ եւ վնասուեցան կարգ մը բնակարաններ, վաճառատուներ, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի Ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի կեդրոնը:

