Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը երէկ գումարած իր  նիստին ընթացքին խստիւ դատապարտեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի արտայայտած վտանգաւոր եւ դատապարտելի կեցուածքը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Սուրիոյ գոյատեւումը միակ բանալին է սուրիական տագնապին լուծման առումով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել յառաջիկայ յունիս ամսուան ընթացքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու ընտրական որեւէ օրէնք, որուն հիման վրայ երկրին սահմանադրութիւնը կը յարգուի: Ան շեշտեց, որ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքն է միակ առողջ եւ արդար օրէնքը:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը հաստատեց, որ ինք կը մերժէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը` աւելցնելով, որ տիրող ներկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ անկարելի է յանգիլ առողջ ընտրական օրէնքի մը: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել, նախքան ուշ ըլլալը:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց իրլանտացի իր պաշտօնակիցը` Ալեն Ճոզըֆ Չաթըրը, որուն ընկերակցեցաւ զինուորական պատուիրակութիւն մը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զինուորական գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ընտրական համախոհական օրէնքի մը մասին ոչ մէկ նորութիւն կայ: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի արարքները պատճառ պիտի դառնան, որ «Ժապհաթ Նուսրա»-ն իր հայեացքը ուղղէ Լիբանան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կը հաստատէ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները անպայման պիտի յետաձգուին:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը անհրաժեշտ նկատեցին առաջքը առնելու Լիբանանի նկատմամբ Ծոցի երկիրներուն որդեգրած կեցուածքին եւ բարելաւելու այդ երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը պատրաստ է քննարկելու ընտրական որեւէ օրինագիծ, որ քրիստոնէական ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ ոչ ոք կը միտի 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ թեկնածութիւն առաջադրել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդական Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ եթէ ընտրական օրէնքի մը շուրջ կարելի չըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել, ապա Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը կը մնայ վաւերացուելու հաւանականութիւնը ունեցող հիմնական օրինագիծը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութեան յղել նամակ մը` սրբագրելու համար Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգ են Լիբանանի մէջ կազմուելիք ընտրական դաշինքներուն պատկերով: Նոյն օրաթերթին համաձայն Պըրրի-Ժոմպլաթ հանդիպումին ընթացքին տիրեց լարուածութիւնը նուազեցնելու մթնոլորտ մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յանգած են ընտրական միացեալ օրինագիծի մը, որուն համաձայն, 68 երեսփոխաններ պիտի ընտրուին մեծամասնական դրութեան հիման վրայ, իսկ 60 երեսփոխաններ` համամասնական դրութեան հիման վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Հըզպալլա Թարշիշի կողքին, լիբանանեան լեռներու վրայ հեռաձայնային հաղորդակցութեան երկրորդ ցանց մը հաստատած է` ծառայելու համար Իրանի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Ժեզզինէն մինչեւ Աքքար լիբանանեան լեռնաշղթան Հըզպալլայի հակակշիռին տակ կը գտնուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ զինեալ խմբաւորումները ապահովական ականաւոր պատասխանատուի մը զօրակցութեան արժանացած են` նուազեցնելու համար Թրիփոլիի մէջ ապահովական ապակայունութեան իրականութիւնը:

ՆԱԽՆԱԿԱՆ տեղեկութիւններուն համաձայն, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ վերջնական որոշում մը չէ տուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու առումով:

ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդի անդամ Մոհամետ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք սենտիքայական զարթօնքի մը դէմ յանդիման կը գտնուին` աւելցնելով, որ կացութիւնը նման է ութսունական թուականներուն տիրող իրավիճակին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի մնայ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )