Հռոմի Նոր Պապի Ընտրութեան Փակարանը Ընթացք Առաւ
Երէկ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:30-ին 115 կարտինալներ մուտք գործեցին Վատիկանի Սիսթինեան տաճար` Պենետիկտոս ԺԶ.ի յաջորդը ընտրելու փակարան:
Առաւօտեան կարտինալները Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մասնակցեցան «Պապի ընտրութեան պատարագ»-ին: Կարտինալներու համախմբումի ղեկավար կարտինալ Անճելօ Սոտանօ գովաբանեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապը եւ Աստուծմէ հայցեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ «բարի հովիւ» մը պարգեւել:
Փակարանին կրնան մասնակցիլ միայն այն կարտինալները, որոնք 80 տարեկանէն փոքր են: Օրական չորս անգամ քուէարկութիւն տեղի կ՛ունենայ, մինչեւ որ թեկնածու մը մասնակիցներուն երկու երրորդին քուէները ապահովէ:
Կարտինալներուն գաղտնապահութեան երդում կատարելէն ետք, պապական արարողապետ Կուիտօ եպս. Մարինի լատիներէնով «Էքսթրա օմնես» (ամէն ոք դուրս) գոռաց եւ տաճարին դռները փակուեցան:
CATEGORIES Միջազգային

