Փերես Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիա Արաբական Խաղաղապահ Ուժեր Ուղարկելու
Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղեց` աշխատանք տանելու սուրիացիներն ու լիբանանցիները «իրանեան խենթութենէն» փրկելու:
Ան ըսաւ, որ Հըզպալլան արաբական շրջանին մէջ Իրանի թեւն է եւ «լրջօրէն կը վտանգէ շրջանին կայունութիւնը»: Ան Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու:
Անդրադառնալով սուրիական հարցին` Իսրայէլի նախագահը յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին մօտ գտնուող քիմիական զէնքերը պէտք չէ սուրիական «անյարմար» ձեռքերու մէջ իյնան: Ան կոչ ուղղեց սուրիացիները իրենց ապրած ողբերգութենէն «փրկելու» եւ, ըստ իրեն, այդ մէկը կարելի է կատարել ՄԱԿ-ի հետ համագործակցաբար Արաբական լիկային արտօնելով բռնարարքները դադրեցնելու եւ փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը արտօնելու համար արաբական խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու միջոցով:
Ան հերքեց, թէ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական գործողութեան կը զօրակցի:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց Թել Աւիւի հիւսիսը գտնուող Հերցիլիա շրջանին մէջ իսրայէլեան ազգային ապահովութեան նուիրուած տարեկան խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ «Սուրիոյ ընդդիմութեան կողքին կռուող ահաբեկչական կազմակերպութեանց վտանգէն» զգուշացուց` նշելով, որ այդ խմբաւորումները, որոնք գետնի վրայ իրենց գործունէութիւնը կ՛աշխուժացնեն, «կրնան ապագային մեզի դէմ դառնալ»:
Ան նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր դարձած է, որովհետեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները գետնի վրայ իրենց ներկայութիւնը կ՛ամրապնդեն»` աւելցնելով, որ «ներկայ հանգրուանին անոնք Ասատի դէմ կը կռուին, սակայն ապագային մեզի դէմ պիտի դառնան»: Ան Սուրիոյ ունեցած ռազմավարական զէնքերու մեծ պահեստը այդ կազմակերպութեանց ձեռքը անցնելէն զգուշացուց:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը ըսաւ, որ այդտեղ «գոյութիւն ունի ռազմավարական պայթումի մը վտանգը, որ որեւէ վայրկեան կրնայ պատահիլ»` յոյս յայտնելով, որ «2006-ի պատերազմի ընթացքին մեր պարտադրած եւ Հըզպալլան սանձող ազդակը գոյատեւէ, այլապէս պիտի ստիպուինք Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ պէտք եղած ուժով եւ ազդու կերպով շարժիլ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած նամակով մը զգուշացուց «կարգ մը երկիրներու ահաբեկչութեան աջակցելու վրայ պնդելուն վտանգներէն»` շեշտելով, որ «բռնարարքներու կասեցումը առանց ահաբեկչութեան աղբիւրներու փակման պիտի չիրականանայ:
Միւս կողմէ, «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլեր յայտարարած է, որ փետրուարին Ճիլվեկիւզիւ բնակավայրի սահմանային անցման կէտին վրայ փոքր փոխադրակառքի պայթումը, որուն պատճառով 14 զոհ արձանագրուած էր, կազմակերպուած էր սուրիական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ:
Նախարարը յայտնած է, որ պայթումի գործի ծիրին մէջ 4 սուրիացիներ եւ մէկ թուրք ձերբակալուած էին, որոնցմէ երկուքը գործողութեան հեղինակներն էին, իսկ ձերբակալուածներէն մէկը` յարձակումին կազմակերպիչը: