Պաքուի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Հերքէ, Թէ Ազգային Ժողովրդավարական Հիմնարկը Ազրպէյճանի Մէջ «Դիմատետրի Յեղափոխութիւն» Կը Պատրաստէ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անդրադառնալով այն լուրին, թէ Պաքուի մէջ Ազգային ժողովրդավարական հիմնարկի տնօրէն Ալեքս Կրիորիվզ Ազրպէյճանի մէջ Դիմատետրի ճամբով յեղափոխութիւն կը պատրաստէ, յայտնեց, որ «Ազգային ժողովրդավարական հիմնարկն (ԱԺՀ) ու անոր տնօրէնը կ՛աշխատին աջակցիլ Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան յանձնառութեան եւ ժողովրդավարական զարգացման: ԱԺՀ-ն 1995-ին այստեղ գործելու սկսելէն ի վեր Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ ամբողջովին բաց եղած է եւ իր գործունէութիւնը արդարադատութեան նախարարութեան մօտ իր արձանագրութեան համաձայնութեան համահունչ է»:

ԱԺՀ-ն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ հաստատուած կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակը զարգացող երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութեան աջակցիլն է: Կազմակերպութիւնը կը ֆինանսաւորուի Ամերիկայի դաշնակցային կառավարութեան կողմէ ուղղակի կերպով, Միջազգային զարգացման ամերիկեան գործակալութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ անուղղակի կերպով  Յանուն ժողովրդավարութեան ազգային օժիտի ճամբով:

Նախապէս haqqin.az կայքէջը հաղորդած էր, որ ԱԺՀ-ի տնօրէնը Ազրպէյճանի մէջ Դիմատետրի ճամբով յեղափոխութիւն կը պատրաստէ եւ այս նպատակով 2 միլիոն տոլար ծախսած է:

 

Share this Article
CATEGORIES