ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէի Արցախ-Ջաւախք Յանձնախումբի Ձեռնարկին. «Ղարաբաղ Բացարձակապէս Մաս Չէ Կազմած 1920-ի Ազրպէյճանի Կազմին» Յայտարարեց Բենիամին Պչաքճեան

Լուսանկարը` ԱԼԵՔՍ ԿԻՒՐԻՒՆԵԱՆի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի  Արցախ-Ջաւախք յանձնախումբին երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Արցախի մասին շահեկան ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի « Հրայր  Մարուխեան» սրահին մէջ:

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին անունով Կարպիս Յովակիմեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Արցախ-Ջաւախք յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ  Կիւլեանին:  Յանձնախումբի ամփոփ պատմականը ներկայացնելէ ետք Խաչիկ Կիւլեան յայտնեց, որ 1990-էն  ծնունդ առած  «Արցախ ֆոնտ»-ը պարտք զգաց 1994-ի զինադադարէն ետք եւս շարունակել  իր գործունէութիւնը` կեդրոնանալով յատկապէս վերաբնակեցման աշխատանքին վրայ: «Սակայն այս աշխատանքը նիւթականի կը կարօտի հետեւաբար հրամայական է նեցուկ  կանգնիլ  Ղարաբաղի հայ գիւղացիին: Վերջապէս, հայրենի հողին գոյապահպանումը ձեռք-ձեռքի միասնական ճիգերով կ՛իրականանայ, եւ այս մէկը երախտիք ու հպարտութիւն կ՛առթէ մեզի»,  ընդգծեց Խաչիկ Կիւլեան: Ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան զեկուցաբեր-բանախօս` Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-էն Բենիամին Պչաքճեանը:

Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ Բենիամին Պչաքճեան զեկուցեց «Արցախ ֆոնտ»-ի հիմնադրութեան, գործունէութեան, իրագործումներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Սահիկներու ընկերակցութեամբ ան ներկայացուց Ղարաբաղի պատմական ու այժմու իրավիճակի հիմնական փուլերը: Ղարաբաղի  առնչուող իւրաքանչիւր հանգրուանի համապատասխան քարտէսներ ներկայացնելով` Պչաքճեան պահանջեց մերժել ու անտեսել խորհրդային շրջանին Ստալինի կողմէ  խեղաթիւրուած ու պարտադրուած Ղարաբաղի քարտէսը` ընդգծելով, որ Ղարաբաղ երբեք մաս չէ կազմած 1920 թուականի անկախ  Ազրպէյճանի կազմին: Վերյիշելով զօրավար  Անդրանիկի կողմէ Ղարաբաղի ազատագրումը` Պչաքճեան յայտնեց, որ խորհրդային վարչակարգի հաստատման սկզբնաւորութեան յայտարարուեցաւ, թէ Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը մաս կը կազմեն Հայաստանին, սակայն  Ստալինի մատիտի խաղով անոնք վերածուեցան այսպէս կոչուած ինքնավար շրջաններու` շրջապատուած ազրպէյճանցիներով:

Պչաքճեան վերյիշեց Ղարաբաղեան ազատագրական պայքարի փուլերը` 1988-ին ու անկէ ետք` նշելով, որ Ղարաբաղի ազատատենչ պայքարը  պսակադրուեցաւ 2 սեպտեմբեր 1991-ին յայտարարուած անկախութեամբ` կանխելով նոյնիսկ Հայաստանի անկախութեան հռչակումը 21 սեպտեմբեր 1991-ին: Ան թուեց Ղարաբաղի յետ անկախութեան շրջանի հիմնական հանգրուանները` նշելով անոր այժմու վարչական եօթը բաժանումները: Ապա ան յիշեց 2006-էն ի վեր գործող «Արցախ ֆոնտ»-ի հիմնական իրագործումները` «Նոր կեանք, նոր յոյս» Արցախի դպրոցներու կազմածներու հայթայթում,  «Ասպետ» ճամբարի ծրագիր, «Արցախ  Ռութս Ինվեսթմընթ» եւ այլն` պարզելով իւրաքանչիւր ծրագիրի արձանագրած նուաճումներն ու ապագայի հեռանկարները:

«Մենք պատմութեան առջեւ պատասխանատու կ՛ըլլանք, եթէ կորսնցնենք այն, ինչ որ իրագործեցինք Արցախի մէջ», ըսաւ Պչաքճեան` ընդգծելով, որ մեր երկրի վերակառուցումը ազգային  միասնական ճիգերով միայն կ՛իրականանայ»: Ան աւետեց Արցախի վարչապետին մօտալուտ ժամանումը Լիբանան:

 

Share this Article
CATEGORIES