ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբը Արժանավայել Ձեւով Նշեց Կիներու Միջազգային Օրը

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը, գիտակից իր պարտաւորութիւններուն, այս տարի եւս երկուշաբթի, 11 մարտ 2013-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանավայել ձեւով նշեց Կիներու միջազգային օրը գեղարուեստական յայտագիրով, որուն ներկայ եղաւ Կորիւն արք. Պապեան:

Բացման խօսքէն առաջ Յասմիկ Գէորգեան հրաւիրեց ներկաները, որ մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեն յիշատակը Ծաղիկ Մկրտիչեանին:

Գէորգեան նշեց, որ 8 մարտը Կիներու միջազգային օր հռչակուած է 1975-ին` ՄԱԿ-ի կողմէ: Ամէն տարի աշխարհի չորս ծագերուն այս տօնը կը նշուի տօնակատարութեամբ, յօդուածագրութեամբ, լոզունգներով, ցոյցերով, որոնց ընթացքին ի յայտ կու գան ձեռք բերուած իրագործումներն ու յառաջդիմութիւնները ընկերային մարզերուն մէջ: Ան շեշտը դրաւ հայ կնոջ պարտաւորութիւններուն վրայ: Հայ կինը եղած է միշտ պատնէշին վրայ, նպաստած է հայ ազգին գոյատեւման, այր մարդուն կողքին կանգնած` անտեսելով դժուարութիւնները, դարձած է ընտանիքին հոգեւոր եւ մտաւոր պաշտպանը, հայ մշակոյթին տէրը` սերունդէ սերունդ փոխանցելով հայկական սովորութիւններն ու աւանդութիւնները:

Այսօր հայ կնոջ դիմագրաւած մարտահրաւէրները շատ են: Ընտանիքին կողքին ան ունի պարտականութիւններ ընկերութեան մէջ: Ան մաս կը կազմէ միութիւններու, կազմակերպութիւններու, ինչպիսին են ՀՕՄ-ը եւ ԼՕԽ-ը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2010 տարին հռչակած էր «Հայ կնոջ տարի», եւ մանաւանդ ՀՕՄ-ի 100-ամեակին եւ ԼՕԽ-ի 80-ամեակի առիթով տուած էր իր պատգամը: Վեհափառ հայրապետը 2013-ը հռչակեց «Հայ մօր տարի», դարձեալ տուաւ իր պատգամը, ուր կը ներկայացնէ հայ մայրը հայ կեանքին մէջ` նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Իր խօսքի աւարտին Յասմիկ Գէորգեան ներկայացուց վեհափառ հօր սպասումները հայ մօրմէն` անոր իսկ բառերով.

ա.- Անդրադառնանք մեր կեանքին մէջ հայ մօր վիճակուած նուիրական առաքելութեան:

բ.- Վերահաստատենք հայ մօր նկատմամբ մեր ունեցած խորունկ սէրն ու յարգանքը:

գ.- Յիշեցնենք միաժամանակ հայ մօր իր եզակի դերն ու ճշմարիտ դիմագիծը միշտ պայծառ պահելու հրամայականը:

Բացման խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ:

Ելոյթ ունեցաւ Մարալ Անտոնեան` հեզաճկուն շարժումներով ներկայացնելով հայկական երկու պար` «Եաման եար» եւ «Ուզուն տարա»:

Այնուհետեւ Կարօ Քէլէշեան մեկնաբանեց Կոմիտասի «Քելէ քելէ»-ն եւ «Ես սարէն կու գայի» երգերը` ներկաները փոխադրելով կոմիտասեան ներաշխարհին մէջ: Քրիստինէ Սրապոնեան ապրումով ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Լուսաբաց»-ը, ուր ի յայտ եկաւ հայ մօր կերպարը:

Կարօ Սվագճեան շուիով եւ հայրենի դաշնակահար Կարինէ Կակոսեան դաշնակի վրայ հարազատօրէն նուագեցին «Բարի Արագիլ», «Ալ Այլուղս» եւ «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի» կտորները:

Մակի Մկրտիչեան-Տէր Խաչատուրեան ներշնչուած օրուան խորհուրդէն ասմունքեց Եղիշէ Չարենցի «Տաղարան»-ը:

Մէջ ընդ մէջ յանձնախումբի անդամներէն Շողիկ Խաչատուրեան մատուցեց կինը բնորոշող լոզունգներ:

Յայտագիրի աւարտին Յասմիկ Գէորգեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց Կորիւն արք. Պապեանը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն է, եղած է Սպահանի թեմի առաջնորդ, կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմին, այժմ ատենապետն է «Տնօրէն ժողով»-ին: Սրբազանը գրքոյկին տպագրութեան համար համագործակցեցաւ յանձնախումբին հետ եւ քաջալերեց տարուած աշխատանքը: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը մտայղացումը ունեցաւ հայկական աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու վերաբերեալ տարիներու աշխատանքը միատեղել գրքոյկի մը մէջ` պարզապէս հայ կնոջ, հայ մօր ծանօթացնելու հայկական ծիսական տօները: Յասմիկ Գէորգեան յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեաններուն, որոնք սիրայօժար ստանձնած էին սոյն գրքոյկին մեկենասութիւնը` Հայ գրատպութեան 500-ամեակին առիթով:

Ապա խօսք առաւ Կորիւն արք. Պապեան, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց իր ունեցած գործունէութիւնը, 25 տարի շարունակ, Նոր Ջուղայի թեմին մէջ:

Սրբազանը շեշտեց, որ մենք պէտք է խոնարհինք հայ մօր առջեւ: Հայ մայրը մեզի համար սուրբ է, յարգանքի եւ երախտագիտութեան արժանի: Ան ունի իր յատուկ առաքելութիւնը սփիւռքեան այս ափերուն վրայ: Հայ կնոջ եւ հայ մօր գլխաւոր դերը փոխանցումն է այն աւանդութիւններուն, որոնք սերունդէ սերունդ կը գոյատեւեն:

Սրբազանը օրինակներով բացատրութիւն տուաւ կարգ մը աւանդական սովորութիւններու մասին, որոնք կը գործադրուին Սպահանի մէջ` հայ ընտանեկան յարկերէ ներս:

Շնորհաւորեց հրատարակութիւնը գրքոյկին, որ լոյս տեսած է ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ ու դաստիարակչական յանձնախումբին աշխատանքով, եւ զայն որակեց շնորհալի երեւոյթ մը:

Աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ գրքոյկէն մէկական օրինակ, եւ ներկաները բարձր ու գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան` իրենց հետ տանելով «Հայ եկեղեցւոյ տօներն ու անոնց հետ կապուած աւանդութիւնները»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )